ՅԱՐԱՏԵՒ ՋԱՆՔԵՐ

Ուաշինկթըն մշտապէս ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ Հարաւայի Կովկասի իրադարձութիւնները եւ այս ամբողջին մէջ յարատեւ ջանքեր կը գործադրէ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ։ Երէկ պաշտօնապէս հաղորդուեցաւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հրաւիրած է ՆԱԹՕ-ի մօտալուտ գագաթաժողովին։ Հարկ է նշել, որ գագաթաժողովը նախատեսուած է յաջորդ ամսուան երկրորդ կէսին, Ուաշինկթընի մէջ։ Հաւաքին պիտի մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Գագաթաժողովի առանձնայատկութիւններէն մին պիտի ըլլայ՝ դաշինքի նոր ընդհանուր քարտուղարի՝ Մարք Ռութէի նշանակման յաջորդելը։ Ուխտի անդամ երկիրներու ղեկավարները Ուաշինկթընի մէջ ժամադրուած են 9-11 յուլիսին։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայըն երէկ այցելեց Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ան ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Օ՚Պրայըն լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին տեղեկացուց, որ Ուաշինկթըն հրաւէր ուղղած է, որպէսզի Երեւանն ու Պաքուն մասնակցին ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին եւ այդ շրջանակէն ներս գործընկերներու հետ հանդիպման։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Օ՚Պրայըն եւ Պայրամով երէկուան հանդիպման ժամանակ աչքէ անցուցին Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքը։ Անոնք քննարկեցին նաեւ տարածաշրջանային բնոյթով՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցեր, ընդհանուր իրավիճակի եւ հեռա-նկարներու արժեւորումով հանդերձ։

Անդրադառնալով Հայաստանի կողմէ՝ մանաւանդ Արեւմուտքէն ձեռք բերուած սպառազինութիւններուն՝ Օ՚Պրայըն ըսաւ. «Ամէն երկիր ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի»։ Իր խօսքով՝ սա ապացոյց մըն է, որ փոխադարձ վստահութեան խնդիր մը գոյութիւն ունի եւ այս բանը հասկնալի է, որովհետեւ աւելի քան 30 տարուան հակամարտութիւն մը տեղի ունեցած է։

Ի լրումն այս բոլորին, Ալիեւն ալ Օ՚Պրայընի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադարձած է՝ Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան ուղղութեամբ Ատրպէյճանի դերակատարութեան։ Ճէյմս Օ՚Պրայըն հերթական անգամ կրկնեց, որ Ուաշինկթըն հնարաւորութիւն կը տեսնէ Երեւանի եւ Պաքու միջեւ խաղաղութեան հաստատման։ Ուստի, ան յոյս յայտնեց, որ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի օրերուն Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ։

Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Ուաշինկթընի մէջ առցանց քննարկման մը ընթացքին լաւատեսութիւն յայտնեց, թէ Երեւան եւ Պաքու կը յաջողին հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2024