ԱԶԴՈՒ ՊԱՅՔԱՐԻ ՔԱՅԼԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու վե­րահսկ­ման եւ կան­խար­գիլ­ման ազ­գա­յին կեդ­րո­նը եւ Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Սննդամ­թեր­քի անվ­տան­գու­թեան պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան կեդ­րո­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը վեր­ջերս վե­րա­նո­րո­գուե­ցան լուրջ ներդ­րում­նե­րով։ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րուն կող­մէ յատ­կա­ցուած շուրջ 14 մի­լիոն տո­լա­րով կեան­քի կո­չուե­ցաւ այս կա­րե­ւոր ծրա­գի­րը, որ ու­նի չա­փա­զանց նշա­նա­կու­թիւն։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը՝ այդ կա­ռոյց­նե­րու հիմ­նա­կան վե­րա­նո­րո­գու­թե­նէն վերջ։ Ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Ար­մէն Մու­րա­տեան, Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րար Սեր­կօ Կա­րա­պե­տեան, Ե­րե­ւա­նի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ռի­չըրտ Միլս եւ ԱՄՆ-ի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան վտանգ­նե­րու նուա­զեց­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Է­լի­զա­պէթ Ճորճ։

«Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան ո­լոր­տէն ներս նման տար­րա­լու­ծա­րա­նի մը բա­ցու­մը հեր­թա­կան ան­գամ կ՚ընդգ­ծէ, որ մենք հան­րա­յին ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ծրագ­րե­րը կը հա­մա­րենք գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւն եւ նման իւ­րա­քան­չիւր ծրա­գիր մեր մօ­տե­ցում­նե­րը հա­ւաս­տի կը դարձ­նէ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Այդ մօ­տե­ցում­նե­րը կո­չուած են ամ­բող­ջո­վին փո­խե­լու մեր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը վա­րա­կիչ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման, ա­նոնց նոյ­նա­կա­նաց­ման, հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու յա­րու­ցիչ­նե­րու պահ­պան­ման վե­րա­բե­րեալ», ը­սաւ Ար­մէն Մու­րա­տեան հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին։

Հարկ է նշել, որ Ե­րե­ւա­նի այս կեդ­րոն­նե­րը կա­ռու­ցուած կամ վե­րա­նո­րո­գուած են ԱՄՆ-ի  Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան Վատնգ­նե­րու նուա­զեց­ման գոր­ծա­կա­լու­թեան կող­մէ։ Դես­պան Ռի­չըրտ Միլս այս առ­թիւ կա­րե­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի եր­կու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ հաս­տա­տուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Իր կար­գին, Է­լի­զա­պէթ Ճորճն ալ տե­ղե­կա­ցուց, որ Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նին հա­մար ներդ­րուած է 4.1 մի­լիոն տո­լար, իսկ Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կեդ­րո­նի պա­րա­գա­յին յատ­կա­ցուած՝ 9.8 մի­լիոն տո­լար։ «Այս նոր ազ­գա­յին կա­ռոյ­ցին բա­ցու­մը եւ մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հետ շա­հա­ւէտ է ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի հա­մար՝ ա­պա­հո­վե­լով երկ­րի անվ­տան­գու­թիւ­նը, այլ ամ­բողջ աշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ՝ օգ­նե­լով հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու տա­րած­ման դէմ պայ­քա­րին մէջ։ Մենք գի­տենք, որ ներ­կայ կլո­պալ ու փոխ­կա­պակ­ցուած աշ­խար­հին մէջ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը չեն ճանչ­նար սահ­ման­ներ։ Ուս­տի, բո­լորս պէտք է միա­սին աշ­խա­տինք՝ կեն­սա­բա­նա­կան զէն­քե­րու տա­րած­ման կան­խար­գիլ­ման ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ Է­լի­զա­պէթ Ճորճ։ Հարկ է նշել, որ Ե­րե­ւա­նի ա­ռըն­թեր նման կեդ­րոն մը հաս­տա­տուած է նաեւ Կիւմ­րիի մէջ։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2016