ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս կը կարեւորուի Շաբաթօրեայ դպրոցներու առաքելութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ այս կապակցութեամբ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը։
Վերջին տարիներուն Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ կազմուած Շաբաթօրեայ դպրոցներու յանձնախումբը՝ ատենապետութեմբ Տքթ. Էլլի Անդրէասեանի, լծուած է իր ազգանուէր եւ կրթական առաքելութեան: Տքթ. Անդրէասեան ծրագրուած կերպով կ՚այցելէ տարբեր ծուխերու Շաբաթօրեայ դպրոցներ, հանդիպում կ՚ունենայ ուսանողներուն հետ եւ համապատասխան ուղղութիւնը կու տայ ուսուցչուհիներուն:
Ուրախութեան եւ հպատութեան պահեր ապրեցան հայ համայնքները իրենց եկեղեցիներու կամարներուն ներքեւ, ուր ծնողներ, հիւրեր եւ ուսուցիչներ համախմբուած էին ականատես ըլլալու երիտասարդ սերունդի խանդավառ եւ հայրենաշունչ ելոյթներուն: Բախտաւոր ենք, որ անոնք սաներն են Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի տասնեօթ Շաբաթօրեայ դպրոցներու, ուր սփիւռքահայ նորահաս սերունդներուն կը փոխանցուին մեր լեզուն, մշակոյթն ու կրօնը, մեր ազգապահպանման նուիրական արժէքները եւ հայրենասիրութեան առաքելութիւնը՝ յարատեւ պահելու համար հայ ինքնութեան ջահը: Կ՚ուզենք յայտնել, թէ կայ այսպիսի իմաստութիւն. «Լեզու եւ մշակոյթ ստեղծելը մեծ գործ է, իսկ զայն սերունդներուն փոխանցելը՝ մեծագործութիւն»: Այս մեծագործութեան ձեռնարկած է Շաբաթօրեայ դպրոցական ցանցի ուսուցչական կազմը՝ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ:
Ուսուցչական կազմը, որ պատրաստուած է մեծ նուիրումով, հայ պատանիներուն կը փոխանցէ մեր մայրենի լեզուն եւ մեր հազարամեայ մշակոյթի ազգային գիտակցութիւնը՝ օգտագործելով դասաւանդութեան արդիական մօտեցումները եւ հայ մանկավարժութեան աւանդական մեթոտները:
Ծրագրի աղբիւրներն են հայոց լեզուի ու գրականութեան տեղական եւ հայրենական դասագիրքեր, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի, հայրենագիտութեան եւ արդիական հարցերու շուրջ գոյութիւն ունեցող նիւթեր, դասախօսութիւններ, յօդուածներ, զանազան լսատեսողական եւ կայքէջային նիւթեր:
Վերջին երեք տարիներու ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած են Շաբաթօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստման տարեկան աշխատանիստեր՝ հետեւեալ նիւթերու շուրջ՝ դասի ծրագրումը, աշակերտի բազմաթիւ ունակութիւնները եւ սորվելու ոճը ըստ Gardner-ի եւ Bloom-ի, պատմութեան եւ մշակոյթի դասաւանդութեան դերը հայ ինքնութեան ամրապնդման մէջ, ուղեղի դերը լեզուի ուսուցման մէջ, լեզուի դասաւանդութեան ուղղակի մեթոտը, եւ այլն:
Շաբաթօրեայ դպրոցներու առաքելութեան առաւել յաջողութեան համար, Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Կեդրոնական խորհուրդի ընդհանուր պատասխանատու նշանակեց Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեանը, որ մօտէն կը հետեւի բոլոր ծրագիրներուն եւ անհրաժեշտ ուղղութիւնը կու տայ: