ԵՐԱԽԱՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԹԱՏՐՈՆԻ ԲԱՑՈՒՄ
Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ մանուկներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած թատրոն:
Արուեստի այս կեդրոնը, որ Լոս Անճելըսի մէջ առաջինն է եւ Գալիֆորնիոյ մէջ՝ երկրորդը, պիտի ներառէ տիկնիկային ու խամաճիկներու թատրոն:
Նախագիծի համահեղինակ Արմինա Լա Մաննան նշեց, որ մէկ տարի ուսումնասիրելէ ետք մեծ պատասխանատուութեամբ մօտեցած է աշխատանքին: Ան նկատել տուաւ, որ արուեստի ներկայութիւնը անհրաժեշտութիւն է մարդու կեանքէն ներս՝ մանուկ հասակէն սկսեալ, աւելցնելով, որ թատրոնը եւ զայն ներկայացողները՝ բեմադրիչը, դերասանները շատ մեծ ազդեցութիւն կրնան ունենալ մանուկին աշխարհահայեացքի կերտման վրայ, եւ հարկ է բծախնդիր մօտեցում ունենալ այս հարցին: