ԵՐԷԿՈՒԱՆ ՏԵՂԱՏԱՐԱՓԸ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ ՅԱՐԱԲԵՐԱԲԱՐ ՀԱՆԴԱՐՏԵՑՈՒՑ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

«Սաս­նայ ծռեր» զի­նեալ խում­բին կող­մէ Ե­րե­ւա­նի կեդ­րո­նին մեր­ձա­կայ Է­րե­բու­նի թա­ղա­մա­սէն ներս ոս­տի­կա­նա­տան մը բռնագ­րա­ւու­մով պայ­մա­նա­ւո­րուած դէպ­քե­րու շա­րա­նը կը շա­րու­նա­կուի ամ­բողջ սաստ­կու­թեամբ։ Այս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, դժբախ­տա­բար, լա­րուա­ծու­թիւ­նը դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան կեան­քի գլխա­ւոր ստո­րո­գե­լին։ Ափ­սոս, որ ե­րէկ ալ առ­կայ ձգտեալ վի­ճա­կը յաղ­թա­հա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ յու­սադ­րիչ զար­գա­ցում­ներ չապ­րուե­ցան։ Բռնագ­րա­ւեալ ոս­տի­կա­նա­կան կեդ­րո­նէն ներս «Սաս­նայ ծռեր»ը կը շա­րու­նա­կեն պա­տանդ պա­հել շտապ օգ­նու­թեան այն ե­րեք մաս­նա­գէտ­նե­րը, ո­րոնք նա­խըն­թաց օր ծա­գած բա­խու­մէն վերջ հա­սած էին դէպ­քի վայր։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ շտապ օգ­նու­թեան աշ­խա­տա­կից­նե­րուն մա­տա­կա­րա­րուած է անհ­րա­ժեշտ սնուն­դը։

«Սաս­նայ ծռեր» խում­բի ան­դամ­նե­րէն Փա­ւել Մա­նու­կեան եւ Ա­րամ Մա­նու­կեան ե­րէ­կուան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տար­նե­րու շար­քին էին։ Ա­րամ Մա­նու­կեան ար­դէն ձեր­բա­կա­լուած է եւ ու­ղար­կուած՝ դա­տա­պար­տեալ­նե­րու հի­ւան­դա­նոց։ Իսկ Փա­ւել Մա­նու­կեան ե­րէ­կուան դրու­թեամբ ար­դէն ա­զա­տուած է ար­հես­տա­կան շնչա­ռու­թեան սար­քէն։ Թէեւ իր դար­ման­ման ա­ռու­մով այս տուեա­լը դրա­կան էր, սա­կայն Ե­րե­ւա­նի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Փա­ւել Մա­նու­կեան կը մեր­ժէ դար­մա­նու­մին շրջագ­ծով ի­րեն մա­տա­կա­րա­րուած դե­ղօ­րայ­քը եւ յայ­տա­րա­րած է հա­ցա­դուլ։ Ան տա­կա­ւին կը մնայ հի­ւան­դա­նո­ցի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման բա­ժան­մուն­քին մէջ։ Հան­րա­յին կար­ծի­քի ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րէն մին ալ «Հիմ­նա­դիր խորհր­դա­րան» ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւոր­ման ան­դամ­նե­րէն Ա­լեք Ե­նի­գոմ­շեանն է։ Այս վեր­ջի­նը ձեր­բա­կա­լուած է նա­խըն­թաց օ­րուան ընդ­դի­մու­թեան հան­րա­հա­ւա­քին ժա­մա­նակ ստեղ­ծուած լա­րուա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ։ Ա­լեք Ե­նի­գոմ­շեան ա­չա­զուրկ է, հե­տե­ւա­բար կա­լա­նա­վայ­րի խու­ցին մէջ զե­տե­ղուած է սե­ղան մը, ի­րեն տրուած են ձայ­նա­յին յա­տուկ ժա­մա­ցոյ­ցը եւ ռա­տիօ­սարք մը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ հար­ցաքն­նու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին ներ­կայ կ՚ըլ­լայ նաեւ մաս­նա­գէտ մը, որ կը տի­րա­պե­տէ կոյ­րե­րու այ­բու­բե­նին։

Ե­րէկ, օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան լա­րուա­ծու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, իսկ ե­րե­կո­յեան քա­ղա­քի կեդ­րո­նին ար­դէն նոր ցոյց մը ու երթ մը կը պատ­րաս­տուէր։ Մինչ այդ վրայ հա­սաւ տե­ղա­տա­րա­փը, ո­րու շնոր­հիւ մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նին մէջ յա­րա­բե­րա­կան հան­դար­տու­թիւն մը հաս­տա­տուե­ցաւ։ Ցու­ցա­րար­նե­րը ցրուե­ցան անձ­րե­ւին հե­տե­ւան­քով, այ­սօր վերս­տին հա­մախմ­բուե­լու մտադ­րու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի այս լա­րուած ի­րադ­րու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ ե­րէկ ար­ձա­գանգ մըն ալ հա­սաւ Ստե­փա­նա­կեր­տէն։ Ար­ցա­խի Ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու միու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ զի­նեալ խում­բի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ «Տկա­րաց­նե­լով Հա­յաս­տա­նը՝ կը վտան­գէք նաեւ Ար­ցա­խի ա­պա­գան», նշուե­ցաւ այդ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ Ար­ցա­խի Ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու միու­թիւ­նը դի­տել տուաւ, որ դա­տե­լով ստեղ­ծուած ծանր ի­րա­վի­ճա­կէն՝ յայտ­նի կը դառ­նայ, որ զի­նեալ խում­բը սխա­լած է։ Սխա­լած է, ո­րով­հե­տեւ այդ ճա­նա­պար­հով կը հիւ­ծին ազգն ու հայ­րե­նի­քը, ու չեն ա­ռաջ­նոր­դուիր հզօ­րաց­ման։ «Գի­տակ­ցե­ցէք, որ պա­ռակ­տիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով դուք կը տկա­րաց­նէք ա­ռանց այդ ալ դժուար ժա­մա­նակ­ներ ապ­րող Հա­յաս­տա­նը… Իսկ տկա­րաց­նե­լով Հա­յաս­տա­նը՝ կը վտան­գէք նաեւ Ար­ցա­խի ա­պա­գան», ընդգ­ծուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2016