ՆԵՐՇՆՉԱՆՔԻ ԱՂԲԻՒՐԸ…
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այս տարի «Մենչըսթըր Եունայթըտ»ի մարզաշապիկով հանդէս պիտի գայ Անգլիոյ Փրէօմիէր լիկին մէջ, հարցազրոյց մը տուաւ «The Telegraph»ին։ Այս հարցազրոյցը ուշադրութեան արժանացած է նաեւ հայկական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ։ Անգլիական թերթին մէջ Հենրիխ Մխիթարեան խօսած է նաեւ իր վաղամեռիկ հօր՝ Համլէթ Մխիթարեանի մասին, որ նոյնպէս շատ յայտնի ֆութպոլէօր մըն էր։ Այս կապակցութեամբ Հենրիխ Մխիթարեան ըսած է հետեւեալը.
«Հայրս իմ ներշնչանքս էր, իմ կեդրոնացման աղբիւրը։ Երբ ես երախայ էի, հայրս ֆութպոլ կը խաղար արհեստավարժ մակարդակով, իսկ ես կ՚երազէի իր հետ երթալ եւ յայտնուիլ մարզադաշտին վրայ։ Երբ ընտանեօք վերադարձանք Հայաստան, իմ երազանքն էր շարունակել իր աշխատանքը ու դառնալ ֆութպոլէօր։ Կը ցաւիմ, որ ան իմ կողքին չէ։ Ինչ որ է, սա կեանք է եւ ամէն ինչ կը շարունակուի։ Կը յուսամ, որ հայրս երկինքէն կը տեսնէ՝ ինչպիսի աշխատանք կը կատարեմ։ Ամէն ինչ կ՚ընեմ, որ ան հպարտ ըլլայ ինձմով։
«Շատ կը փափաքէի հայրս տեսնէր, թէ ինչպիսի խաղ կը ցուցադրեմ հիմա։ Միշտ դիտած եմ իր մասնակցութեամբ հանդիպումները, սակայն հիմա ֆութպոլի մէջ շատ բան փոխուած է։ Հիմա ես իր հանդիպումները կը դիտեմ միայն անոր համար, որ յիշեմ, թէ ան ինչպէս խաղացած է։ Ափսոս, կեանքը այսպէս է։ Ան ինծի շատ կրնար օգնել՝ աւելի լաւը դառնալու հարցին մէջ։ Երբ կը մտածեմ, կը հասկնամ, որ հօրս մահը շատ բան փոխած է իմ կեանքին մէջ, իմ մտածումներուս մէջ եւ ես աւելի արագ հասունցայ, սակայն միւս կողմէ շատ դժուար է մեծնալ առանց հօր ներկայութեան, քանի որ ընտանիքին մէջ դուն չունիս տղամարդ մը, որ պիտի կարենար քեզ դաստիարակել։ Մայրս ինծի համար թէ՛ հայր է եւ թէ մայր։ Շնորհակալ եմ այն բոլոր մարդոց, որոնք միշտ իմ կողքին են»։
Հարցազրոյցի տեւողութեան Հենրիխ Մխիթարեան նշած է, որ իրենք ֆութպոլին նուիրուած ընտանիք մըն են։ Իր մայրը կ՚աշխատի Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան մօտ, իսկ քոյրը՝ ՈՒԷՖԱ-ի մօտ։
Հարկ է նշել, որ Հենրիխ Մխիթարեանի հանգուցեալ հայրը մահացած էր 33 տարեկանին, երբ իր որդին տակաւին եօթ տարեկան էր։