ՎԵՐԱԿԱՌՈՒՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆ
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդին նստաշրջանը։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կողմէ գլխաւորուած ժողովականները օրուան սկիզբին նախ այցելեցին Մեծն Աթաթիւրքի Յուշադամբանը, իսկ աւելի վերջ Չանքայայի ապարանքը անցնելով կատարեցին աւելի քան հինգ ժամուան աշխատանք մը։ Պեշթեփէի պալատին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան ճաշասեղանով մը պատուեց խորհուրդի անդամները, միեւնոյն ժամանակ վաւերացուց անոնց կողմէ առնուած որոշումները։
Յուլիս 15-ի զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ երէկուան ժողովը կը ներկայացնէր մեծ կարեւորութիւն։ Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի նստաշրջանէն անմիջապէս առաջ երկու բարձրաստիճան զօրավարներ ալ հրաժարեցան։ Թուրք զինեալ ուժերու շարքերէն ներս ներկայիս զտման մեծ աշխատանք մը կ՚իրականացուի՝ ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցի անդամները բանակի շարքերէն դուրս թողելու համար։ Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի ժողովը այս ճանապարհին վրայ կարեւոր անկիւնադարձ մըն էր։ Երէկուան նիստէն վերջ յայտնի դարձաւ նաեւ, որ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար, Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Չոլաք, Ծովային զօրքերու հրամանատար ծովակալ Պոստանօղլու եւ Ռազմաօդային զօրքերու հրամանատար զօրավար Իւնալ պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Զօրավար Իւմիտ Տիւնտարն ալ դարձաւ ընդհանուր սպայակոյտի փոխ-նախագահ։
Բանակի պարագային վերակառուցման շրջան մը կը սկսի Թուրքիոյ մէջ։ Յառաջիկային կառուցուածքային հիմնական փոփոխութիւններ կը նախատեսուին բանակին համար։ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց Ազգային մեծ ժողովի դիւանի անդամները։ Խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրամանի առընթեր ԱՔ կուսակցութեան, ՃՀՓ-ի եւ ՄՀՓ-ի փոխ-նախագահները ներկայ էին այդ հանդիպման, բացի ՀՏՓ-ականներէն։ Այդ ընդունելութեան ընթացքին Էրտողան խօսեցաւ բանակի վերակառուցման վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ։ Ան խորհրդարանականներուն հետ բաժնեց իր մտադրութիւնը՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւնն ու ՄԻԹ-ը ուղղակիօրէն Հանրապետութեան նախագահութեան կապելու շուրջ։ Ան մատնանշեց, որ եթէ ընդդիմութիւնն ալ հաւանութիւն տայ՝ ապա նման կարգադրութիւն մը պիտի կատարուի՝ Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ։ Խորհրդարանականներու հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան փափաք յայտնեց, որ քաղաքական կուսակցութիւնները անմիջապէս բաժնեն իրենց հասած տեղեկութիւնները, եթէ ըլլան պարագաներ, որու պայմաններուն ներքեւ պատահին անարդարութիւններ։
Միւս կողմէ, Էրտողան երէկ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտանի հետ։