ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԵՐԿՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ ՀՐԱԺԱՐԱԾ

Վրաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն հրա­ժա­րե­ցան եր­կու նա­խա­րար­ներ, ո­րոնք ի­րենց պաշ­տօն­նե­րը պի­տի թո­ղուն Օ­գոս­տո­սի 1-ի դրու­թեամբ։ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կիոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի հաս­տա­տեց Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լիի եւ Քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւա­հա­ւա­սա­րու­թեան գծով պե­տա­կան նա­խա­րար Փաա­թա Զա­քա­րէիշ­վի­լիի հրա­ժա­րա­կան­նե­րը։

Այս եր­կու նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն պաշ­տօ­նա­թո­ղու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ դար­ձած էր «Վրա­ցա­կան ե­րա­զանք» հա­մա­խո­հու­թեան պա­ռակ­տու­մէն վերջ։ Խի­տա­շե­լի եւ Զա­քա­րէիշ­վի­լի կը պատ­կա­նին Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան, որ վեր­ջերս դուրս ե­կած է «Վրա­ցա­կան ե­րա­զանք»էն։

Յա­ռա­ջի­կայ Հոկ­տեմ­բե­րի 8-ին Վրաս­տա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած են խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց ըն­դա­ռաջ շու­տով ար­դէն պի­տի սկսի քա­րո­զար­շաւ մը։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2016