ՔԼԻՆԹԸՆ՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար, նախկին առաջին տիկին Հիլըրի Քլինթըն պաշտօնապէս դարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածուն:
Ֆիլատելֆիոյ մէջ Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին Սաութ Տաքոթա նահանգի պատուիրակներուն 15 ձայները ապահովելով՝ անոր քուէներուն թիւը բարձրացաւ 2383-ի: Մինչ այդ, ընդհանուր ժողովին մասնակցող պատուիրակներուն թիւը հինգ հազար էր:
Քլինթըն այսպէսով դարձաւ առաջին կինը, որ իբրեւ նախագահութեան թեկնածու կ՚առաջադրուի: Ան փոխ-նախագահի պաշտօնին առաջադրած է Վըրճինիա նահանգէն ծերակուտական Թիմ Քէյնը:
Քլինթըն թեկնածութիւնը ապահովելէ ետք կիներուն համար պատմական փուլի մը սկիզբը յայտարարեց:
Անոր դեմոկրատական մրցակից ծերակուտական Պըռնի Սանտըրզի կողմնակիցները հեռացան ժողովէն՝ ի նշան բողոքի Հիլըրի Քլինթընը իբրեւ միակ թեկնածու հաստատելու քայլին:
Սանտըրզի կողմնակից պատգամաւորներու զգալի մասը դահլիճէն դուրս եկած է իր ղեկավարէն անմիջապէս ետք, որ հեռացած է ընդհանուր ժողովէն, սակայն անկէ առաջ պաշտօնապէս յայտարարած, որ ինք կը պաշտպանէ Քլինթընը:
Այնուհետեւ քանի մը տասնեակ պատգամաւորներ ժողովի վայրին մօտ գտնուող մամուլի կեդրոն եկած են պաստառներով, որոնք կը դիմակազերծեն Դեմոկրատական կուսակցութեան Ազգային կոմիտէն: «Ասիկա այն է, թէ ի՛նչ տեսք ունի ժողովրդավարութիւնը», վանկարկած են անոնք: