ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ համերգ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Այսպէս, կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ «Ychorus» համերգը, որու ընթացքին բեմ առաւ նաեւ «Prochne» խումբը։ Երեկոյթին նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, արտասահմանէն ամրան շրջանին հիւրաբար քաղաքս գտնուող նախկին պոլսահայեր եւ կղզեբնակ երաժշտասէրներ։

Երեկոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Կազդուրման կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու։ Աւելի վերջ Արի Չոլաք յուշանուէր մը յանձնեց խմբավար Հալուք Փոլատին, որ այս երկու խումբերու հիմնադիրն է։ Մեր համայնքէն Այգուն Պուտաք մաս կը կազմէ «Ychorus» խումբին, որ երկրորդ անգամ համերգով մը հանդէս եկաւ Գնալը կղզիի մէջ։

Բոլոր ներկաները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան այս համերգին եւ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին յայտագրի որակեալ կատարումները։

Ձեռնարկի աւարտին հուսկ բանք մը արտասանեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Այս առթիւ ան ըսաւ, որ աշխարհի վրայ բոլոր լեզուներով երգեր գոյութիւն ունին եւ երաժշտութիւնը լեզու մըն է, որ բոլորին համար հասկնալի եւ ընկալելի է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019