ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Թումանեանի հէքեաթները» գերմաներէն գիրքին շնորհանդէսը: Հէքեաթներու թարգմանութիւնը կատարած են Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, գերմանաբնակ հեղինակ, թարգմանիչ Ագապի Մկրտիչեան եւ Փրոֆ. Հելմութ Մալոնեք:

«Հայարտուն» կեդրոնի ղեկավար Եւկենիա Մարկոսեան իր բացման խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց գերմաներէն ժողովածոն, ուր առկայ է, երեխաներու ընկալմամբ, Ամենայն Հայոց բանաստեղծի հէքեաթներուն պարզ եւ խորաթափանց միտքը:

Հեղինակ-թարգմանիչ Ագապի Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն հսկայական աշխատանքին, որ երկու տարուան ընթացքին իրականացուած է Գերմանիոյ Վիսպատեն քաղաքի երեք դպրոցներու 8-14 տարեկան աշակերտները Թումանեանի հէքեաթներուն ծանօթացնելու եւ իրենց զգացածը թուղթին յանձնելու ուղղութեամբ: Շնորհանդէսին ներկայացուեցան նաեւ աւելի քան երեսուն աշակերտներու գծագրութիւնները:

Փրոֆ. Հելմութ Մալոնեք խօսեցաւ Թումանեանի ստեղծագործութիւններուն ունեցած դերակատարութեան վրայ՝ Հայաստանը ծանօթանալու եւ այդ երկիրը սիրելու հարցին մէջ:

Յովհաննէս Թումանեանի քսան հէքեաթներու թարգմանութեան եւ նկարազարդումներուն անդրադարձան՝ մանրանկարիչ Մերուժան Շահումեան, «Վրաստանի հայ համայնք» կազմակերպութեան նախագահ Սամուէլ Մկրտչեան, «Յովհաննէս Թումանեանի տուն» գիտամշակութային կեդրոնի ղեկավար Գիսանէ Յովսէփեան, հեղինակ-թարգմանիչ Արտեմ Կիրակոսեան եւ ուրիշներ:

«Հայարտուն» կեդրոնի հոգեւոր տեսուչ Տ. Տաթեւ Քհնյ. Մարուքեան, խօսելով Թումանեանի ստեղծագործութիւններուն, ի մասնաւորի հէքեաթներուն արդիական գաղափարներուն մասին, օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց Փրոֆ. Հելմութ Մալոնեքին եւ Ագապի Մկրտիչեանին՝ նման ազգանուէր գործի իրականացման համար:

Միւս կողմէ, Թումանեանի հէքեաթներու ժողովածոն հրատարակուած է Աւստրիոյ «Վոլկան Հակեր» հրատարակչութեան կողմէ եւ նուիրուած է հայոց մեծ բանաստեղծի 150-ամեայ յոբելեանին: Գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Երեւանի, Կիւմրիի եւ Թիֆլիզի մէջ, իսկ աշնան գիրքը պիտի ներկայացուի Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ կարգ մը քաղաքներու մէջ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019