ՔԱՆԱՔԵՌԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՅԱՆՁՆՈՒԱԾ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ
Երէկ, Երեւանի արուարձաններէն Քանաքեռի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հանդիսաւոր արարողութիւններ։ Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ տեղի ունեցած արարողութիւններուն նախագահեց Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան, որ հոգեւոր առաջնորդն է հայկական զինեալ ուժերու։ Հարկ է նշել, որ այս եկեղեցին վերջերս ենթարկուած է վերանորոգութեան, որու աւարտին օծուելով վերաբացուեցաւ պաշտամունքի։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ վերաօծեալ Ս. Աստուածածին եկեղեցին փոխանցուած է Հայկական զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկուան արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ Արտակ Դաւթեան, ինչպէս նաեւ հոգեւորականաց դասէն եւ զինեալ ուժերէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։