ԱԹԵՆԱ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿԸ

Աթենա Մանուկեան ներկայացուցած է իր նոր երգի տեսահոլովակը։ Այսպէս, յայտնի յունահայ երգչուհի, երգահան Աթենա Մանուկեան ներկայացուցած է իր նոր «Dolla» երգի տեսահոլովակը։ Յուլիսի 24-էն ի վեր այն հասանելի է «YouTube» ընկերային հարթակին վրայ:

2020 թուականի «Եւրոտեսիլ»ի հայաստանեան ներկայացուցիչը կը նշէ, որ շատ փափաքած է հոլովակը նկարահանել Հայաստանի մէջ, բայց քորոնաժահրի համավարակի պատճառով նկարահանումները տեղի ունեցած են Յունաստանի մէջ։

Երգի երաժշտութեան հեղինակներն են Աթենան եւ DJ Paco-ն: Ստեղծագործութեան խօսքերը հեղինակած է Աթենա Մանուկեան։ Տեսահոլովակի ստեղծագործական ղեկավարն է ինքը՝ Աթենան։ Ան փափաքած է ներկայացնել նուազագոյն, արուեստական կերպար, տեսահոլովակի հիմքին կան գեղեցիկ տեսարաններ, իսկ արուեստագիտուհին ու պարողները պատուած են ոսկիով։ Աթենան փափաքած է ներկայացնել բարձրակարգ տեսահոլովակ՝ մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերելով չինչին մանրամասնութիւններուն։

«Տեսահոլովակին խորհրդաւոր գեղեցկութիւն կը հաղորդեն իմ պարողներու դիմակները, որոնք ես պատրաստած եմ։ Դիմակներուն վրայ կան ոսկեայ զարդեր եւ պարողները կարծես զինուորներ ըլլան։ Իսկ դիմակներու վրայ կրնաք նկատել հայկական նախշեր», կը նշէ Աթենա Մանուկեան:

«Dolla»ն երգ է սիրոյ մասին: Ան շատ դրական, թարմ երգ մըն է, որ ունկնդրողը կը ստիպէ պարելու: Երգը կ՚անդրադառնայ այն նիւթին, թէ ինչպէս կինը կրնայ սիրել տղամարդ մը, որ փող չունի, բայց հրաշալի անձնաւորութիւն մըն է. կնոջ համար փողը էական չէ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020