ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՄԵԾ ՏՕՆԸ

Այս շա­բա­թա­վեր­ջին բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ կը նշուի Օ­գոս­տո­սի 30-ի Մեծ Յաղ­թա­նա­կի տօ­նը։ Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս ամ­բողջ եր­կի­րը խոր ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը վեր­յի­շէ Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծա­նուն հիմ­նա­դիր Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւրքն ու իր զի­նա­կից ըն­կեր­նե­րը։ Մեծ Յաղ­թա­նա­կի տօ­նը վե­-րա­ծուած է նաեւ ա­ռի­թի մը՝ թար­մաց­նե­լու հա­մար գի­տակ­ցու­թիւ­նը երկ­րի ա­նան­ջա­տե­լի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։

Դժբախ­տա­բար, Մեծ Յաղ­թա­նա­կի տօ­նը այս տա­րի կը նշուի ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կում­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած յու­զում­նա­խառն մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ժո­ղո­վուր­դը սուգ կը պա­հէ նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար, ինչ որ կ՚անդ­րա­դառ­նայ տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեան եւ մթնո­լոր­տին վրայ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին շնոր­հա­ւո­րա­կան­ներ հրա­պա­րա­կած է Օ­գոս­տո­սի 30-ին առ­թիւ։

Միւս կող­մէ, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի ստո­րագ­րու­թեամբ հրա­պա­րա­կուած շրջա­բե­րա­կան մըն ալ լոյս տե­սած է պաշ­տօ­նա­թեր­թին մէջ։ Այս­պէս, վա­ղը, վեր­ջին ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րուն բե­րու­մով տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը պի­տի ըն­թա­նան մի միայն ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման եւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րու փո­խանց­ման ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Խրախ­ճանք­նե­րու, հա­մերգ­նե­րու եւ այլ զուար­ճա­լի տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րու կա­տա­րուի­լը յար­մար չէ դա­տուած կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2015