ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ՊԱՅՔԱՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Այս առթիւ քննարկման առարկայ դարձաւ արեւելեան Միջերկրականի իրադրութիւնը։ Նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ միշտ եւ ամէնուրեք պաշտպանել իր իրաւունքներն ու շահերը։ Անգարա կողմնակից է երկխօսութեան մթնոլորտի եւ արդար լուծումի մը, որով արեւելեան Միջերկրականի բոլոր երկիրները պիտի շահին։ Էրտողանի համոզմամբ, ՆԱԹՕ պէտք է իրեն վիճակած պատասխանատուութիւնը յարգէ այն երկիրներու պարագային, որոնք միջազգային իրաւունքը կ՚անտեսեն եւ միակողմանի քայլերով տարածքաշրջանային խաղաղութեան վնաս կը հասցնեն։

Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Պերլինի մէջ երկօրեայ անպաշտօն ժողով մը գումարեցին՝ օրակարգի վրայ ունենալով արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւնները։ ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել եւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս Պերլինի ժողովներու աւարտին սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Յառաջիկայ 24 սեպտեմբերին Եւրոմիութիւնը նախատեսած է Թուրքիոյ վերաբերեալ յատուկ նիստ մը գումարել։ Արեւելեան Միջերկրականի իրադարձութիւններու լոյսին տակ եւրոպական կողմը կը ծրագրէ այդ ժողովին ժամանակ յստակեցնել Թուրքիոյ վերաբերեալ դիրքորոշումը։ Այս փուլին ԵՄ չի բացառեր նոր պատժամիջոցներ գործադրելու վարկածը Թուրքիոյ դէմ։ Ըստ Ժոզէֆ Պորելի, Թուրքիա որոնումներ կը կատարէ Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի ծովային սահմաններէն ներս, ինչ որ շատ վտանգաւոր է։

Անգարայի ղեկավարութիւնը այս իրադարձութեան արձագանգեց անմիջապէս։ Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարեց, որ ԵՄ-ի չափէն ու սահմանէն վեր է՝ արեւելեան Միջերկրականէ ներս Թուրքիոյ գործունէութիւններու կասեցման պահանջը։ Թրքական կողմը միշտ երկխօսութեան կողմնակից եղած է, իսկ պատժամիջոցները կը ծառայեն միայն անոր վճռակամութեան բարձրացման։ Թուրքիա պիտի շարունակէ Կիպրոսի թուրքերու շահերը պաշտպանել՝ հակառակ իրեն դէմ ստեղծուած ապօրինի բոլոր դաշնակցութիւններուն։ Բանբերի խօսքով՝ ԵՄ-ն ու անոր անդամ երկիրները, միութեան զօրակցութեան պատրուակով, կը խրախուսեն Յունաստանի առաւելապաշտ պահանջները, որոնք միջազգային իրաւունքնին ներհակ են։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2020