1517 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկրէն ներս ծանր վիճակով հիւանդներու թիւը կը բարձրանայ։ Երէկ երեկոյեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վիճակագրական վերջին տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 107 հազար 814 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1517 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 36 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 1017։ Ներկայ դրութեամբ 896 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ թէ՛ մահերը եւ թէ նոր վարակումները կանխելու ճանապարհն է նախազգուշական միջոցներուն հնազանդիլը։

Միւս կողմէ, համաճարակի մթնոլորտին մէջ օրակարգի վրայ կը մնայ պատուաստանիւթի խնդիրը։ Միջազգային իրադարձութիւններու լոյսին տակ մասնագէտներ կ՚ընդգծեն, որ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը 2021 թուականէն առաջ չի կրնար գտնուիլ։

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2020