ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԾԱՆՐ ՎԻՃԱԿ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հալէպի շուրջ կռիւները սաստկացած են վերստին։ Երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի եւ ընդդիմադիրներուն կռիւները սաստկացած են մանաւանդ Հալէպի շուրջ։ Սուրիոյ բանակը սաստիկ յարձակման մը տակ առած է քաղաքը՝ զայն ամբողջութեամբ մաքրագործելու համար զինեալ ընդդիմադիրները եւ լիակատար վերահսկողութիւնը ձեռք անցընելու համար։ Սաստիկ բախումներու մթնոլորտին մէջ յարձակումներու թիրախ կը դառնան նոյնիսկ հիւանդանոցներ։
Կը հաղորդուի, որ Հալէպի առկայ աղիտալի բռնութիւններու մթնոլորտին մէջ դարձեալ լրջօրէն կը տուժէ նաեւ տեղւոյն հայութիւնը։ Քաղաքի Սիւլէյմանիէ թաղամասէն ներս երէկ հրթիռակոծումներու հետեւանքով զոհուեցաւ հայուհի մը՝ Սեւան Հատտատ (1969)։ Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ռմբակոծեցին նաեւ Հալէպի Թիլէլ, Սէյիտալի եւ Ազիզիէ թաղամասերը։
Այս յարձակումներուն հետեւանքով տուժեց հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան դաշտը, ուր վիրաւորուեցաւ Ճորճ Մութաֆեան։ Զինեալ խմբաւորումներու թիրախը դարձած Ազիզիէն եւս հայաբնակ շրջան մըն է։ Կը հաղորդուի, որ Հալէպի հայաբնակ թաղամասերը դատարկուած են եւ այդ շրջաններէ ներս կը տիրէ ընդհանուր ամայութիւն։
Ի լրումն այս բոլորին, դժբախտաբար, Հալէպի մէջ ռմբակոծութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Կրթասիրաց վարժարանի շէնքը։ Նիւթական մեծ վնաս յառաջացած է դպրոցի պարագային։ Մասնաւորապէս վարժարանի շէնքին երկրորդ յարկը գրեթէ աւերուած է։ Բարեբախտաբար, վարժարանի պատասխանատուներուն կարգադրութեամբ յարձակումէն առաջ աշակերտները ուղարկուած էին իրենց տուները։ Դպրոցը տակաւին կը մնայ փակ։
Քաղաքէն ներս բառին բուն իմաստով ծանր պատերազմական կացութիւն մը կը տիրէ, ինչ որ կ՚ունենայ աղիտալի հետեւանքներ։ Տեղւոյն հայութեան պայմաններն ալ ամէն օր կը ծանրանայ քիչ մը եւս։
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ Հալէպի կացութիւնը աւելի վատ է նոյնիսկ սպանդանոցէն։ Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովին ընթացքին ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ Հալէպի մէջ տեղի կ՚ունենան պատերազմական յանցագործութիւններ։ Այս մթնոլոր-տին մէջ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախա-րարներուն՝ Ճոն Քերիի եւ Սէրկէյ Լավրովի միջեւ։