ՓՈՒԹԻՆ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԿՐՆԱՅ ԳԱԼ ԹՈՒՐՔԻԱ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին յա­ռա­ջի­կայ ա­միս հա­ւա­նա­բար այ­ցե­լէ Թուր­քիա։ Քրեմ­լի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով ե­րէկ յայտ­նեց, որ ան Հոկ­տեմ­բե­րին կրնայ այ­ցե­լել Թուր­քիա։ Նա­խա­պատ­րաս­տա­կան բո­լոր հանգ­րուան­նե­րու ա­ւար­տին Քրեմ­լի­նի աղ­բիւր­նե­րը վերս­տին պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը պի­տի ը­նեն այս մա­սին։ Ռուս ղե­կա­վա­րին այ­ցը կը նա­խա­տե­սուի Հոկ­տեմ­բե­րի 11-ին։ Ան Իս­թան­պուլ պի­տի գայ՝ Մոս­կուա­յի Ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան եւ ա­ռեւ­տու­րի գրա­սե­նեակ­նե­րու միու­թեան հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Թուր­քիոյ Ա­ռեւտ­րա­կան գրա­սե­նեակ­նե­րու եւ սա­կա­րան­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ռի­ֆաթ Հի­սար­ճըք­լըօղ­լու եւս ե­րէկ խօ­սե­ցաւ այս մա­սին։ Ըստ ի­րեն, ռուս ղե­կա­վա­րը պի­տի մաս­նակ­ցի Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան տնտե­սա­կան խառն յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիս­տին։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ Փու­թին վեր­ջին ան­գամ Թուր­քիա այ­ցե­լած էր ան­ցեալ տա­րի՝ Ան­թա­լիոյ մէջ կազ­մա­կեր­պուած «G-20»ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ։

Միւս կող­մէ, Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ աշ­խա­տանք­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին նաեւ «Թրքա­կան հոսք» բնա­կան կա­զի փո­խադ­րու­թեան խո­ղո­վա­կա­շա­րի ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Ռու­սաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Ա­լեք­սան Նո­վաք յայտ­նեց, թէ այս շա­բաթ եւս բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ի­րենց թուրք գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ։ Ռու­սաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ յա­ռա­ջի­կայ ամ­սուան կէ­սին «Թրքա­կան հոսք» ծրագ­րին շուրջ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը կրնայ գո­յա­նալ եր­կու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։

Ա­ւե­լի ա­ռաջ «Կազփ­րոմ»ի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, որ «Թրքա­կան հոսք»ի վե­րա­բե­րեալ ա­ռա­ջին թոյլ­տուու­թիւն­նե­րը ա­պա­հո­վուած են ու ծրա­գի­րը ար­դէն գործ­նա­կա­նօ­րէն սկսած է։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2016