ՊԱՀՈՒ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔՆԵՐԸ

Արցախի մէջ լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի։ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծի ամբողջ երկայնքով երէկ շարունակուեցան լայնածաւալ գործողութիւնները։ Ստեփանակերտի իշխանութիւնները երէկ երեկոյեան ժամերուն տեղեկացուցին, որ դիրքերու՝ մարտավարական նշանակութեամբ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած։ Այս բոլորը կը զուգորդուին մարդկային ծանրածանր հետեւանքներով։ Հայաստանի եւ Արցախի աղբիւրները կը ցոլացնեն այն իսկապէս զգայացունց պատկերը, թէ հայ ժողովուրդը ինչպէս կը դիմագրաւէ այս ճակատագրական մարտահրաւէրը։ Բնականաբար, Ատրպէյճանի աղբիւրներն ալ կը հաղորդեն հակառակ ուղղութեամբ տեղեկութիւններ եւ այլ մարդկային դրուագներ։ Սա մէկ կողմէ հակասական է, իսկ միւս կողմէ անխուսափելի։ Արդարեւ, պատերազմի մարդկային հետեւանքները ծանր են բոլորին համար եւ պատերազմը իրականութեան մէջ յաղթող չ՚ունենար մարդկային առումով։ Բայց եւ այնպէս, դժբախտաբար, պատերազմը այն պահն է, երբ տրամաբանութիւնը ակամայ կանգ կ՚առնէ եւ բոլոր կողմերը առաջին հերթին հետամուտ կ՚ըլլան ինքզինքնին խնայել՝ մահ ու կենաց պայքարի մթնոլորտին մէջ։

Այս պատկերն է, որ կը ցոլանայ Արցախէն։ Պահու պարտադրանքները դաժան են ու ծանր հայ ժողովուրդին տեսակէտէ։ Երէկ ինն տարեկան պատանի մը զոհ գնաց Ատրպէյճանի բանակի կրակին։ Բախումներուն ժամանակ վիրաւորուած յղի կին մըն ալ ծնաւ արու զաւակ մը։ Երեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ կամաւորներ կը զինուորագրուին առաջնագիծ մեկնելու համար։ Անոնք յատուկ օթօպիւսներով ճանապարհ դուրս կու գան՝ ետին թողլով իրենց սիրելիները։ Հրաժեշտի պահերը, նկարահանուած դրուագները կը պարփակեն անբացատրելի խորհուրդ մը. աղօթող մայրեր, քաջալերող հայրեր, արտասուող կանայք եւ շուարած երեխաներ… Կամաւորներ ճանապարհ դնելու զուգահեռ՝ ժողովուրդը փողոցներու մէջ օգնութիւն կը հաւաքէ։ Նոյնպէս կամաւորներ կը պատրաստեն մեծ ծրարներ եւ արկղեր, որոնք կ՚ուղարկուին բանակի զինուորներուն։ Պահու պարտադրանքները զոհողութիւններու առընթեր նաեւ զրկանքներ կը բերեն։ Բնակչութեան խորհուրդ կը տրուի յաճախակիօրէն չհեռաձայնել Արցախ՝ չծանրաբեռնելու համար հեռաձայնային ցանցը։ Առկայ ծանր իրավիճակին մէջ արդիւնաւէտութեամբ կ՚ընթանայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ ձեռնարկուած հանգանակութիւնը։ Երէկ հաղորդուեցաւ, որ արդէն 1.4 միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրաբերուած է։

Մարդկային ծանր կացութեան համայնապատկերին վրայ առանձնապէս ուշագրաւ է առողջապահութեան համակարգի տարած աշխատանքը։ Կը հաղորդուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիւանդանոցները ծանրաբեռնուածութենէ զերծ պահելու համար ճակատի վրայ վիրաւորուած զինուորները ուղղաթիռներով Երեւան կը փոխադրուին՝ Գորիսի վրայով։ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանն ալ երէկ այցելեց Արցախ՝ տեղւոյն վրայ ստուգելու համար կարիքները։

Հայաստանի մէջ ժողովրդական ամբողջական զօրաշարժի եւ Արցախի մէջ ապաստանարան իջած բնակիչներու սպասողական հոգեվիճակին, դիմագրաւած փորձութեան մթնոլորտին մէջ երէկ երեկոյեան Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ գործողութիւնները կը շարունակուին՝ Օմարէն մինչեւ Արաքս։ «Սա մահ ու կենաց կռիւ է։ Այսօր մեզի համար ամենակարեւորը անվտանգութիւնն է», ըսաւ ան ու տեղեկացուց, որ ամէնուրեք կը տապալուին Արցախի դէմ կատարուած յարձակումները։

Առկայ ահազանգային իրավիճակին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ երէկ քաղաքական ու դիւանագիտական հարթութիւններու վրայ իրերայաջորդ նախաձեռնութիւններով հանդէս եկաւ։ Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ առաւօտ դարձեալ յատուկ նիստ մը գումարեց, որու աւարտին հրապարակեց յայտարարութիւն մը՝ խստօրէն դատապարտելով Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակումը։ «Ատրպէյճանի իշխանութիւնը իրական սպառնալիք է արցախահայութեան գոյութեան, Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու, ամբողջ հայ ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ ամբողջ տարածքաշրջանի անվտանգութեան համար։ Ուստի, Հայկական զինեալ ուժերու ինքնապաշտպանական բոլոր գործողութիւնները ուղղուած են այս վտանգի չէզոքացման», նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ յիշեցուած՝ որ հայկական կողմը մշտապէս հաւատարիմ մնացած է հակամարտութեան խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Միեւնոյն ժամանակ, ընդգծուած է, որ Հայաստան Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորն է եւ չի վարանիր ձեռնարկել անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն՝ պաշտպանելու համար արցախահայերու անվտանգութիւնը եւ ինքնորոշման կամքի արտայայտութիւնը։

Խորհրադարանի յատուկ նիստին առընթեր, երէկ Երեւանի մէջ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդն ալ գումարեց նիստ մը՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկուեցաւ ստեղծուած իրավիճակը ու քննարկուեցան ձեռնարկուած միջոցները։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Բոլոր հարթութիւններու վրայ հայկական կողմը միջազգային հանրութենէն կը պահանջէ զսպել Ատրպէյճանը։ Բաց աստի, Երեւան միշտ անհանգստութիւն կ՚արտայայտէ Անգարայի դերակատարութեան եւ Պաքուի ի նպաստ ցուցաբերած զօրակցութեան շուրջ։ Հայաստան պաշտօնապէս միջազգային հանրութենէն կը պահանջէ Թուրքիան զերծ պահել իրադարձութիւններու ընթացքին միջամտելէ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ յայտնեց, որ հայկական կողմը ունի միջազգային հանրութեան միանշանակ, անվերապահ աջակցութիւնը, որովհետեւ կը դատապարտուի ուժի կիրառումը։ Նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ «Էլ-Արաբիա» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Թուրքիա կը գործէ ծայր աստիճան ապակայունացնող ձեւով։

Նիկոլ Փաշինեան առկայ թէժ իրավիճակին մէջ երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան ներկայացուց տարածքաշրջանի իրավիճակը։ Ան նշեց, որ Արցախը ենթարկուած է Ատրպէյճանի բռնութեան եւ մտահոգիչ համարեց ռազմական գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան։ Ըստ իրեն, անցեալ յուլիսի դէպքերէն ի վեր Թուրքիա աննախադէպ աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ տարածքաշրջանէ ներս։ Փաշինեան կոչ ուղղեց, որպէսզի Մերքէլ ամէն ջանք գործադրէ՝ տարածքաշրջանէ ներս Թուրքիոյ ներգրաւումը բացառելու համար։ Իր կարգին, Գերմանիոյ շանսէօլիէն խոր մտահոգութիւն յայտնեց ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Ան համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի եւ ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէ ներս հաշտութեան գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը։

Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ, որ երէկ կապ հաստատեց նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Կութերես կողմերուն յորդորեց անյաղապ դադրեցնել կրակը։ Հարկ է նշել, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն ներս այսօր քննարկման կ՚ենթարկուի Արցախի իրադրութիւնը։

Արցախի ճակատին վրայ պատերազմական գործողութիւնները անկանխատեսելի հունի մէջ կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի բանակը այս առաւօտ թիրախաւորեց նաեւ Հայաստանի տարածքը՝ ռմբակոծելով Վարդենիսի շրջանը։ Մէկ կողմէ կռիւներու քանի մը օրուան ընթացքին դադրիլը կը նախատեսուի, իսկ միւս կողմէ չի բացառուիր 90-ականներու սկիզբի նման երկարատեւ պատերազմի մը հաւանականութիւնը։ Առկայ անորոշութեան պայմաններուն ներքեւ Երեւանի օրակարգին վրայ են Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մը կնքուիլը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ յայտնեց, որ տարածքաշրջանէ ներս երբեք կրակի այսպիսի խտութիւն մը չէր ապրուած։ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կը կասեցնէ յարձակումները եւ ի վիճակի է տեղափոխուելու Ատըր-պէյճանի տարածքը։ Յամենայնդէպս, յարափոփոխ իրավիճակի մէջ շատ դժուար է նոյնիսկ յաջորդ քայլափոխը պատկերացնել։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ հրետակոծել Վարդենիսի գիւղերը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրներն ալ ընդգծեցին, որ Ատրպէյճանի բանակը գործողութիւններուն ժամանակ կ՚օգտագործէ ծանր համակարգեր. օրինակ՝ «Սմերչ», «ԹՈՍ» եւ այլն։ Ըստ նախարարութեան, այս բոլորին կիրառումը կը փոխէ ռազմական գործողութիւններուն ծաւալը։ Հայաստանի քաղաքացի մը զոհ գնաց ռմբակոծումներուն։

Հայկական կողմի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ երեկոյեան ժամը 21.00-ի դրութեամբ, Ատրպէյճանի բանակը կորսնցուցած է մէկ ռազմաօդանաւ, 4 ուղղաթիռ, 49 անօդաչու թռչող սարք, 80 հրասայլ եւ զրահապատ զինուորական ինքնաշարժ եւ 82 այլ տեսակի զինուորական ինքնաշարժ։ Ատրպէյճանի բանակը շուրջ 400 զինուորի կորուստ ունեցած է։ Այս առաւօտեան բախումներուն ժամանակ ալ հայկական կողմը տեղեկացուց Ատրպէյճանի բանակի զանազան կորուստներու մասին։

Հայկական կողմն ալ, բնականաբար ունի կորուստներ։ Վիրաւորեալներու թիւը հասած է 200-ի շեմին։ Տասնեակ զոհեր կան նաեւ հայկական բանակէն։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ յետ մահու նահատակներու պարգեւատրման մասին։ Ատրպէյճանի աղբիւրներն ալ կ՚անդրադառնան հայկական կողմի կորուստներուն։ Ըստ վերջին լուրերուն, աւելի քան 84 զինուոր կորսնցուցած են Հայկական զինեալ ուժերը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2020