«ԵՐԵՒԱՆՆ ՈՒ ՊԱՔՈՒՆ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՓՈԽԿԱՊԱԿՑՈՒԱԾ ՉՈՐՍ ՕՐԱԿԱՐԳ»

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Ամերիկայի ձայն»ին հարցազրոյց մը տուաւ Ուաշինկթընի մէջ, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւի հետ Սպիտակ տան երդիքին տակ նախընթաց օր ունեցած հանդիպման մասին, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի միջնորդութեամբ։ Հարկ է նշել, որ այս հարցազրոյցը Արմէն Գրիգորեանի կողմէ տրուած է՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ պատահած նոր բախումներէն առաջ։ Արմէն Գրիգորեան «Ամերիկայի ձայն»ին յայտարարած է, որ Երեւանն ու Պաքուն այսօր կը քննարկեն փոխկապակցուած չորս օրակարգեր։ Գրիգորեանի բնորոշմամբ՝ Ուաշինկթընի վերջին հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ։ «Մենք քննարկեցինք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման օրակարգը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման նիւթերը։ Անոնք կը վերաբերին ապաշրջափակման, սահմանազատման, սահմանային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ այլ հարցերու, որոնք տարածաշրջանին կայունութիւն եւ խաղաղութիւն կ՚ապահովեն», ըսաւ Գրիգորեան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան բացատրեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան այժմու փոխկապակցուած չորս օրակարգերու քննարկումները կ՚ընթանան՝ մարդասիրական, ապաշրջափակման, սահմանազատման ու սահմանագծման, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ «Այս ուղղութիւններով փորձեցինք յստակութիւն ապահովել, թէ ինչպէս կ՚ընթանանք եւ այս բոլորին հետ փոխկապակցուած կայ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը։ Այս նիւթերուն շուրջ յստակութիւն եղած է, թէ ինչպէս յառաջ պիտի շարժուինք», շարունակեց ան։

Հարցազրոյցի ընթացքին Արմէն Գրիգորեան յիշեցուց, որ բացի իրենց հանդիպումներու ձեւաչափէն, Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները կ՚ընթանան նաեւ այլ ձեւաչափերով՝ արտաքին գործոց նախարարներու, փոխ-վարչապետներու եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւններու պետերուն մակարդակով։ Այս բոլորին առընթեր, կան նաեւ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպումները, որոնք կապուած են այլ ձեւաչափերու մէջ արձանագրուած յառաջընթացի հետ։ Ան մատնանշեց երկու հիմնական գործօններ, որոնց շնորհիւ հնարաւոր դարձած է կրակը դադրեցնել Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին ռազմական բախումներուն ժամանակ։ Այդ գործօններն են՝ Հայաստանի բանակի պատասխան քայլերը եւ ԱՄՆ-ի ներգրաւուածութիւնը։ Ան յիշեցուցած է, որ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն անձամբ ներգրաւուած է խնդրին։ Ան քանի մը անգամ հեռաձայնած է Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին։ Այլ մակարդակներու վրայ ԱՄՆ խտացեալ ներգրաւուածութիւն ունենալով փորձած է կանխել մագլցումը։ Ուստի, Գրիգորեանի խօսքով, այս երկու գործօնները կարեւոր դեր խաղացած են։ «ԱՄՆ-ի ներգրաւուածութիւնը տարածաշրջանէն ներս դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ եւ իր հետ կը բերէ անվտանգութեան յաւելեալ երաշխիքներ», նշած է Արմէն Գրիգորեան։

Ուաշինկթընի մէջ Արմէն Գրիգորեանի հետ տեսակցելէ վերջ Հիքմէթ Հաճիեւն ալ յայտնած էր, թէ քննարկուած են Երեւան-Պաքու խաղաղութեան պայմանագրին, սահմանազատման, Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման վերաբերեալ հարցեր։ «Այստեղ հիմնական մօտեցումն է շարունակել ջանքերը խաղաղութեան օրակարգով յստակ ժամկէտներու շրջանակին մէջ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները, սահմանազատումը, փոխադրութեան ուղիներու բացումը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օրակարգի մաս կազմող ականներու եւ կորսուածներու խնդիրները», ըսաւ ան։ Գրիգորեանի հետ հանդիպելէ վերջ Հաճիեւ չյստակացուց, որ արդեօք վիճելի հարցերու շուրջ կարելի եղա՞ծ է դիրքորոշումները մօտեցնել կամ ոչ։

ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ 3 ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ երեկոյեան ժամերուն դարձեալ տեղի ունեցան բախումներ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ժամը 18.00-էն սկսեալ հրադադարը խախտած են եւ ականանետերու, խոշոր տրամաչափով հրաձգային զինատեսակներու կիրառումով կրակ բացած են՝ սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն վրայ։ Հայաստանի բանակը պատասխան գործողութիւններ իրականացուցած է։ Նախարարութիւնը աւելի ուշ՝ ժամը 22.00-ին ալ տեղեկացուց, որ իրադրութիւնը յարաբերաբար կայունացած է։ Սահմանի երէկուան դէպքերուն հետեւանքով հայկական կողմը ունի երեք նահատակ։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, շեշտուեցաւ, որ Պաքուի կողմէ ձեռնարկուած այս հերթական սադրանքը բացայայտ արհամարհանք մը կը համարուի միջազգային հանրութեան եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ երկիրներուն կողմէ հնչեցուած կոչերուն դէմ։ Ատրպէյճանի այս սադրանքին նպատակն է ձախողեցնել երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նախատեսուած հանդիպումը, որու կազմակերպման շուրջ քննարկումներ կ՚ընթանան։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ սահմանուած բոլոր միջոցներով պիտի շարունակէ պաշտպանել իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը անդրադարձաւ երէկուան դէպքին։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճանի ներխուժումը պէտք է դատապարտուի ու դադրեցուի։ Վարչապետին բնորոշումով՝ սա յարձակում մըն է Հայաստանի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան դէմ։ Ան բացարձակ անհրաժեշտութիւն կը համարէ Ատրպէյճանի զօրքերու Հայաստանի տարածքէն դուրս բերուիլը եւ սահմանամերձ շրջաններէ ներս միջազգային դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը։ Այս առաւօտ ալ Նիկոլ Փախինեան Երեւանի մէջ, կառավարութեան ժողովի սկիզբին տեղեկացուց, որ սահմանի վրայ երէկուան դէպքերուն պատճառ դարձած Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները գտնուած են Հայաստանի տարածքին մէջ։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը երէկ հերթական անգամ հաստատեց, որ զօրքերը պէտք է ետ քաշուին սահմանէն։ Իր կարգին, Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ սահմանի երէկուան բախումներու լոյսին տակ յայտնեց, որ այսպիսի դէպքերը կը սնեն ատելութիւնը եւ անկայունութիւնը։ «Անվտանգութիւնը հնարաւոր է՝ միայն երբ սահմանները կը յարգուին եւ զօրքերը դէմ յանդիման կանգնած չեն մօտ տարածութիւններու վրայ։ Խաղաղութիւնը չի կրնար պարտադրուիլ», նշեց ան։

Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյ կը պատրաստուի ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Հարաւային Կովկաս՝ այցելելով Երեւան, Թիֆլիզ եւ Պաքու։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022