ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՅԻՇԵՑՈՒՄՆԵՐ

Երէկ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս նիստը տեւեց չորս ժամ։ Ժողովի աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքի կացութեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը Հայաստանը պախարակեց՝ Ատրպէյճանի դէմ գրգռիչ արարքներուն հետեւանքով։ Երեւանի ղեկավարութեան յիշեցուեցաւ բոլոր պայմանագրային պարտաւորութիւնները յարգելու պատասխանատուութիւնը եւ անոր ընծայւած խաղաղութեան հնարաւորութեան արժեւորումը։ Հերթական անգամ վերահաստատուեցաւ Թուրքիոյ ամուր զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի, որ մշտական խաղաղութեան հասնելու համար խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ։

ՊԱՅՐԱՄՈՎԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Պայրամով հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկեցին տարածաշրջանի իրավիճակը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի այժմու իրադրութեան շուրջ եւ ընդգծեցին յետպատերազմեան փուլին Ատրպէյճանի կողմէ տարածաշրջանէն ներս ձեռնարկուած աշխատանքները՝ ներառեալ վերականգնման ու շինարարական լայնածաւալ նախագիծերը, որոնք կը նպաստեն տարածաշրջանի խաղաղ զարգացման։

Լաւրով-Պայրամով զրոյցի ընթացքին ալ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ տարածաշրջանի առկայ իրավիճակը՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի յայտարարութիւններու իրականացման վերաբերեալ հարցերով հանդերձ։

Երկու հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ալ նախարարները անդրադարձան նաեւ Անգարա-Պաքու եւ Մոսկուա-Պաքու երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթերու։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022