«ԿԼՈՊԱԼ ՀԱՅԵՐԸ»

Ե­րէկ, IDeA հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ «Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն» եւ The New York Times օ­րա­թեր­թե­րուն մէջ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ բաց նա­մակ մը, որ կը կրէր «Կլո­պալ հա­յե­րու ա­պա­գան այ­սօր է» վե­րնա­գի­րը։ Այս բաց նա­մա­կը ստո­րագ­րած էին հա­յաշ­խար­հի կարգ մը ծա­նօթ դէմ­քեր, ո­րոնք համ­բաւ ձեռք բե­րած են զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ։ Ստո­րագ­րա­դիր­ներն էին՝ Նու­պար Ա­ֆէեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Ռու­բէն Վար­դա­նեան (Ռու­սաս­տան), Գա­գիկ Ա­տի­բէ­կեան (Լիւք­սեմ­պուրկ), Անտ­րէ Ան­տո­նեան (Ճա­բոն), Ա­բէլ Ա­ղամ­բէ­կեան (Ռու­սաս­տան), Տէր Մես­րոպ Քհնյ. Ա­րա­մեան (Հա­յաս­տան), Կա­րօ Ար­մէն (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Շարլ Ազ­նա­ւուր (Զուի­ցե­րիա), Լորտ Ա­րա Տար­զի (Անգ­լիա), Ե­դուարդ Ճէ­րէ­ճեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Չարլզ Ղա­յի­լեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Սալ­փի Ղա­զա­րեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Վար­դան Գրի­գո­րեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Կիւր­ճեան (Պել­ժիա), Ար­թիւր Ճա­նի­բէ­կեան (Ռու­սաս­տան), Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեան (Ռու­սաս­տան), Անտ­րէյ Մկրտչեան (Հա­յաս­տան), Մի­խա­յիլ Պօ­ղո­սեան (Ռու­սաս­տան), Կրէկ Սարգ­սեան (Գա­նա­տա), Սեմ Սի­մո­նեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Սերժ Չիւ­րիւք (Ֆրան­սա), Պա­տուե­լի Տիգ­րան Թե­ւրի­զեան (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ) եւ Ռալֆ Եի­րի­կեան (Հա­յաս­տան)։

«Կլո­պալ հա­յե­րու ա­պա­գան այ­սօր է» խո­րագ­րեալ բաց նա­մա­կը կը մատ­նան­շէ պատ­մա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը՝ հա­յե­րու միա­ւոր­ման եւ Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գան միաս­նա­բար կեր­տե­լու հա­մար։ Նա­մա­կին մէջ մատ­նան­շուած է, որ այս շա­բաթ աշ­խար­հի խո­շո­րա­գոյն հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­-թիւ­նը (ՀԲԸՄ) Նիւ Եոր­քի մէջ կը տօ­նէ իր 110-ա­մեա­կը։ Այս հանգ­րուա­նը բա­ցա­ռիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գան վե­րա­ձե­ւե­լու հա­մար եւ մտա­ծե­լու, թէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ինչ­պէս կրնայ մաս­նակ­ցիլ վա­ղուան ա­ռա­ւել հզօր Հա­յաս­տա­նի կերտ­ման։

Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մա­կա­յե­լու հա­մար հիմ­նուած ՀԲԸՄ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին խթա­նած է ըն­կե­րատն­տե­սա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը եւ աշ­խար­հով մէկ հո­գա­ցած՝ կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ մար­դա­սի­րա­կան կա­րիք­նե­րը։ Բաց նա­մա­կին ստո­րագ­րա­դիր­նե­րը այս առ­թիւ ՀԲԸՄ-ը շնոր­հա­ւո­րած են՝ Սփիւռ­քի հա­մայնք­նե­րէն ներս հայ­կա­կան ինք­նու­թեան պահ­պան­ման գոր­ծին մէջ անգ­նա­հա­տե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։ Նախ­նի­նե­րը հո­ղէն բռնի տե­ղա­հա­նուած աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յե­րը մեծ ա­ւանդ ու­նե­ցած են ի­րենց ա­պաս­տան տուած եր­կիր­նե­րու զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ։ Բաց նա­մա­կի հե­ղի­նակ­նե­րը ա­ւե­լի վերջ նշած են հե­տե­ւեա­լը.

«Մենք վա­ղուց սո­րված ենք հա­մար­կիլ մե­զի հիւ­րըն­կա­լած եր­կիր­նե­րուն մէջ եւ հա­ւա­տա­րիմ քա­ղա­քա­ցի­ներ ըլ­լալ՝ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ քրիս­տո­նեայ մեր հա­ւատ­քի մի­ջո­ցաւ պահ­պա­նե­լով պատ­մա­կան ինք­նու­թիւ­նը եւ լե­զուն։ Մենք կ՚ող­ջու­նենք բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րու եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու՝ Հայ Ա­ւե­տա­րան­չա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան, Հայ օգ­նու­թեան միու­թեան, «Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի եւ միւս­նե­րու եր­կա­րա­ժամ­կէտ նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք նպաս­տած են Սփիւռ­քի պահ­պան­ման բա­րե­գոր­ծա­կան ծրագ­րե­րու մի­ջո­ցաւ։ Ի թիւս այ­լոց, մենք կը ճանչ­նանք ան­կա­խու­թե­նէն ի վեր Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման գոր­ծին մէջ հսկա­յա­կան ա­ւանդ ու­նե­ցած բա­րե­րար­նե­րու Քըրք Քըր­քո­րեա­նի եւ Լուիզ Սի­մոն-Մա­նու­կեա­նի ա­նուն­նե­րը։ 1990-ա­կան­նե­րու սկիզ­բին այս յա­ռա­ջա­մար­տիկ­նե­րու ջան­քե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն տուին ստեղ­ծե­լու հաս­տա­տու­թիւն­ներ եւ են­թա­կա­ռու­ցուածք­ներ, ո­րոնք ու­նին կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Նախ­կին Խորհր­դա­յին Միու­թե­նէն ան­կա­խա­նա­լէ քա­ռորդ դար անց Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը տա­կա­ւին խո­ցե­լի է, ինչ­պէս եւ հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը աշ­խար­հի մէջ։ Այժմ մենք պատ­մա­կան խաչ­մե­րու­կի վրայ ենք եւ սթափ գնա­հա­տե­լով առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, մեր առ­ջեւ նաեւ ան­նա­խա­դէպ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կը տես­նենք։

«Սա հայ­կա­կան աշ­խար­հը բար­գա­ւաճ­ման մղե­լու, յետ­խորհր­դա­յին պե­տու­թիւ­նը կլո­պալ ազ­գի մը հա­մար զար­գա­ցող, ժա­մա­նա­կա­կից, անվ­տանգ, խա­ղաղ եւ յա­ռա­ջա­դէմ հայ­րե­նիք դարձ­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւնն է։ Հա­յաս­տա­նի եր­կա­րա­ժամ­կէտ ըն­կե­րատն­տե­սա­կան զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւնն է՝ ոչ միայն յա­նուն մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու, այ­լեւ ե­րա­խա­նե­րու ու մեր ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գա­յին։ Յա­ռաջ շար­ժուե­լով՝ ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յու­թիւ­նը ա­ռա­ւել յանձ­նա­ռու պէտք է ըլ­լայ՝ ըն­կե­րա­յին ազ­դե­ցու­թեան թէ ա­ռեւտ­րա­յին ներդ­րում­նե­րու, նո­րա­ռա­րու­թիւն­նե­րու, փոր­ձա­ռու­թեան աշ­խոյժ ներգ­րաւ­ման մի­ջո­ցաւ։ Եր­կա­րա­ժամ­կէտ հե­ռան­կա­րով պէտք է ձգտինք առ­նուազն հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նել Հա­յաս­տա­նը հա­մաշ­խար­հա­յին այն­պի­սի չա­փա­նիշ­նե­րու, ո­րոնք կը գոր­ծեն մեզ­մէ շա­տե­րը հիւ­րըն­կա­լած եր­կիր­նե­րուն մէջ։ Բա­ցի ան­հա­տա­կան ջան­քե­րէ, մենք կը փա­փա­քինք բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րու եւ հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ հա­մախմբ­ման ան­նա­խա­դէպ ո­գի ստեղ­ծել։ Կոչ կ՚ուղ­ղենք հա­յե­րուն՝ ազ­գի ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ փոր­ձա­գի­տա­կան ու­ժը վե­րա­կանգ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ ի­րա­կա­նաց­նել եր­կա­րա­ժամ­կէտ ներդ­րում­ներ, Հա­յաս­տա­նը ու­նե­նա­լով ա­ռանց­քին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, մենք Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կոչ կ՚ուղ­ղենք՝ զար­գաց­ման նոր, հա­մա­տեղ ջան­քե­րու վրայ հիմ­նուած ռազ­մա­վա­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու մի­ջո­ցաւ այս պատ­գա­մին ար­ձա­գան­գե­լու։

«Յա­նուն Հա­յաս­տա­նի յա­ռաջ­խա­ղաց­ման աշ­խա­տող ան­հատ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հա­սա­րա­կա­կան եւ մաս­նա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գան ա­ւե­լի լաւ դարձ­նե­լու հա­մար պէտք է հա­մախմ­բուին, միա­ւո­րեն ի­րենց մի­ջոց­նե­րը եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցին։ Մենք վստահ ենք, որ յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու հա­մար կա­րե­լի չէ մե­կու­սա­ցած՝ որ­պէս Հա­յաս­տան եւ Սփիւռք գոր­ծել։ Մենք պէտք է հա­մախմ­բուինք եւ միաս­նա­կան ուժ դառ­նանք։ Մենք այս քայ­լը կը նա­խա­ձեռ­նենք Հա­յաս­տա­նը միաս­նա­բար յա­ռաջ մղե­լու եր­կա­րա­ժամ­կէտ յանձ­նա­ռու­թեամբ եւ կ՚ող­ջու­նենք բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք կը միա­նան մե­զի։

«Մենք միա­սին «Կլո­պալ հա­յեր»ն ենք։ Ե­կած է ժա­մա­նա­կը, որ­պէս­զի կլո­պալ հա­յե­րը հան­դէս գան հա­մար­ձակ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ»։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2016