ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ «ՆԱՐԵԿԱՑԻԱԳԻՏԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ»ՈՒ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ երէկ սկսաւ «Նարեկացիական ընթերցումներ» խորագրեալ միջազգային համաժողովներուն երկրորդը։ Մատենադարանի նորոգ հանգուցեալ տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի պաշտօնավարութեան շրջանին սկսած ծրագրի մը շարքին մէջ են այս համաժողովները։ Վատիկանի կողմէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Տիեզերական վարդապետ» հռչակուելուն զուգահեռ սկսած է այս նախաձեռնութիւնը։ Հրաչեայ Թամրազեան, որ հեղինակաւոր նարեկացիագէտ մըն էր, սկիզբը դրաւ այս համաժողովներու շարքին։ Դժբախտաբար, ան երէկ բացակայ էր եւ Մատենադարանի դահլիճի բեմին վրայ զետեղուած էր իր մեծադիր լուսանկարը։
«Նարեկացիական ընթերցումներ»ու շարքի երկրորդ միջազգային համաժողովը սկսաւ Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի ողջոյնի խօսքով։ Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանն ալ կը մասնակցի այս միջազգային համաժողովին, որու ընթացքին կը ներկայացուի նաեւ «Գրիգոր Նարեկացին հայ ձեռագրական արուեստին մէջ» նիւթը։
Համաժողովի բացման նիստին մասնակցութիւն բերին բազմաթիւ հեղինակաւոր գիտնականներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ ակադեմիկոս-քարտուղար Վլատիմիր Բարխուդարեան, Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան, ուսանողներ եւ հիւրեր։