CIBJO-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Ոսկերիչներու համաշխարհային համադաշնակցութեան՝ CIBJO-ի համաժողովը։ «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու կեդրոնէն ներս այս առթիւ համախմբուեցան աշխարհի քսանհինգ երկիրներէն Երեւան մեկնած ոսկերչութեան եւ թանկարժէք մետաղներու մշակման ոլորտներէն աւելի քան ութսուն պատուիրակութիւններ։ CIBJO-ի նախագահ Կայեթանօ Քաւալիէրին ալ մասնակցեցաւ տարեկան համագումարին, որու ընթացքին երախտագիտութեան մետայլով պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
CIBJO-ի տարեկան համագումարի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սերժ Սարգսեան, որ ըսաւ, թէ իրենք կը կարեւորեն սոյն հաւաքոյթին Երեւանի մէջ կազմակերպուած ըլլալը։ Ան շարունակեց.
«Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը մեծ աւանդ ներդրած են ոսկերչութեան եւ ակնագործութեան զարգացման գործին մէջ, իրենց հաստատուն տեղը ունին այս ոլորտի տարեգրութեան մէջ։ Հայ ոսկերիչներու յաջողութեամբ ստեղծուած գործերը, անոնց գործունէութիւնը զանազան երկիրներէն ներս զարգացում բերած են այս ոլորտին, անոնք ոսկերչական ձեռնարկութիւններ ու վաճառատուներ հիմնած են Նիւ Եորքի, Փարիզի, Մոսկուայի, Լոնտոնի, Պոլսոյ, Պէյրութի, Գահիրէի եւ այլ բազմաթիւ վայրերու մէջ։ Անոնց ձեռքով կերտուած են ոսկերչական արուեստի փայլուն նմոյշներ, անդամանդակուռ գահեր ու թագեր, խաչեր ու շքանշաններ, շքեղ զարդանախշեր ու գաւաթներ։ Այսօր Հայաստանի մէջ ոսկեգործութեան եւ ադամանդագործութեան զարգացման ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներ կը տարուին։ Մենք այդ ճիւղը յայտարարած ենք երկրի տնտեսութեան գերակայ, ռազմավարական ուղղութիւններէն մին։ Խորհրդանշական է նաեւ, որ Հայաստանի մէջ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կը նշուի «Ոսկերչի ազգային օրը»։ Երեւանի մէջ կայ Ոսկերիչներու փողոց եւ այն կը բերէ այստեղ՝ «Մերիտիան» ոսկերչական տնտեսական գօտի, որու նախաձեռնողը ձեր ոլորտի եռանդուն գործիչներէն մին է՝ իմ խորհրդականը ու նաեւ Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեան»։
Մինչ այդ, CIBJO-ի երէկ աւարտած քառօրեայ համագումարին զուգահեռ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ «Երեւան շոու» ոսկերչական միջազգային ցուցահանդէսը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ վեցերորդ անգամ։ Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեան այցելեց նաեւ այս ցուցահանդէսը։