ԷՆՏՈՆԵԶԻԱՅԻ ՄԷՋ ՕԴԱՆԱՒԻ ԱՐԿԱԾ. 189 ԶՈՀ

Էնտոնեզիայէն այս առաւօտ հասան ողբերգական լուրեր։ Այսպէս, Ճաքարթա-Սումաթրա թռիչքի օդանաւը ծով ինկաւ եւ 189 հոգի զոհ գնաց այս ցաւալի արկածին։ Օդանաւը թռիչք առնելէ միայն 13 վայրկեան վերջ անկում ունեցաւ եւ յայտնուեցաւ ծովուն մէջ։

Ցաւալի դէպքը լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ աշխարհի մէջ։ Օդանաւը ծովէն դուրս բերելու համար աշխատանքներ սկսան անմիջապէս։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2018