ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

27 հոկտեմբեր 1999 թուականին Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական զոհերը շաբաթավերջին ոգեկոչուեցան Երեւանի մէջ։ Հայաստանի խորհրդարանի պարտէզէն ներս՝ զոհերուն ի յիշատակ կառուցուած յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Խորհրդարանի նախագահ Արա Պապլոյեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, երեսփոխաններ, նախարարներ, այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ նահատակ պետական գործիչներու ընտանեկան անդամներ հերթական անգամ բիւր յարգանքով իրենց խոնարհումը բերին դէպքերու զոհերուն առջեւ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2018