ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 96-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԿԸ ՆՇՈՒԻ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ԵՒ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ

Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 96 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։

Հանրապետութեան հիմնադիր Մեծն Աթաթիւրքի եւ իր լծակից ընկերներու ոգեկոչման համար ալ այս օրը կը հանդիսանայ հերթական շարժառիթը։ Ժողովուրդը կը վերանորոգէ իր երախտագիտական զգացումները Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքին եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան ճանապարհին դեր ստանձնած գործիչներուն նկատմամբ։ Հանրապետութեան տօնը միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի երկրի քաղաքացիները վերահաստատուին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անանջատելի ամբողջականութեան, ժողովրդավարական ու աշխարհավար համակարգի անհրաժեշտութեան վերանորոգ գիտակցութեան մէջ։

Հոկտեմբերի 29-ի տօնը այսօր հանրային կարծիքի բոլոր հատուածներուն, ժողովուրդի բոլոր խաւերուն համար մեծ ուրախութեան աղբիւր կը դառնայ։ Բոլորը կը հասկնան, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան բոլորած 96 տարիները կը բնորոշեն միեւնոյն ժամանակ ժողովրդավարութեան ճանապարհի յամառ երթ մը։ Երկիրը այսօր եւս ունի ձգտումը այդ ժողովրդավարական ընթացքը ամրապնդելու, նաեւ արգասաւորելու տնտեսական վերելքով, համընդհանուր բարեկեցութեամբ։

Հանրապետութեան տօնին իմաստը այս տարի եւս կը բիւրեղանայ երկրէ ներս միասնականութեան գիտակցութեան ամրապնդումով։ Ժողովուրդի բոլոր խաւերը այսօր կը ձգտին երկրէն ներս միութեան գաղափարի ամրացման։ Բոլորին հասարակաց փափաքն է, որ երկիրը զարգանայ անվտանգ, կատարելագործէ իր ժողովրդավարութիւնը եւ անոր բարօրութենէն համահաւասար բաժին վիճակի բոլորին՝ քաղաքացիական պատասխանատուութիւններու նկատմամբ նախանձախնդրութեան հասարակաց գետնին վրայ։ Այդ սկզբունքները կը համարուին այն հիմնական նախադրեալը, որով Թուրքիա բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ թէ՛ ներքին եւ թէ արտաքին կեանքին մէջ։

Մինչ այդ, պետական աւագանին այսօր կ՚այցելէ Աթաթիւրքի յուշադամբանը։ Անգարայի մէջ օրուան տեւողութեան նախատեսուած են պաշտօնական հանդիսութիւններ եւ տօնակատարութիւններ։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Հոկտեմբերի 29-ին առթիւ հրապարակած է նաեւ պատգամ մը։

Նախագահ Էրտողան շեշտած է, որ երկիրը կը շարունակէ ենթարկուիլ անխափան յարձակումներու, որոնք կը թիրախաւորեն անոր գերիշխանութիւնը՝ անվտանգութենէն սկսեալ մինչեւ տնտեսութիւնը։ Թուրքիա վաղեմի պատմական պաշարով, խոր պետական փորձառութիւնով եւ շուրջ մէկ դարու հասնող Հանրապետութեան պաշարով ի վիճակի է այս բոլոր խնդիրները յաղթահարելու եւ ունի անհրաժեշտ ուժը, կարելիութիւնն ու վճռակամութիւնը։ Տօնական պատգամին մէջ Էրտողան ակնարկած է նաեւ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ Սուրիոյ մէջ ձեռնարկուած «Խաղաղութեան ակ» գործողութեան։ Ան ընդգծած է, որ երկիրը պիտի հասնի 2023-ի նպատակներուն եւ յաջորդ սերունդներուն հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ՝ 2053-ի եւ 2071-ի տեսլականները կեանքի կոչելու։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2019