ՎԱՂԸ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ՄԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԿԱՐՍԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Կարսի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեակին առթիւ վաղը միջազգային խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ «Շուշա» համագումարներու կեդրոնէն ներս նախատեսուած է ձեռնարկը, որուն պիտի մասնակցին ստորագրադիր պետութիւններէն ներկայացուցիչներ, ակադեմականներ եւ մասնագէտներ։

Հաւաքոյթը պիտի վարէ փրոֆ. Այկիւն Աթթար։ Տոց. Հալիլ Էօզշավլը (Թուրքիա), փրոֆ. Մուսա Քասըմլը (Ատրպէյճան), Ալեքսանտր Սոթնիսենքօ (Ռուսաստան), փրոֆ. Օթար Ճանելիծէ (Վրաստան), Թուրան Կաֆարլը (Թուրքիա) պիտի մասնակցին այս հաւաքոյթին։

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթին մէջ Եալչըն Պայէր այսօր իր սիւնակին մէջ կը հաղորդէ վերոյիշեալ տեղեկութիւնները։ Կարճ անդրադարձին մէջ փակագիծերու ներքեւ տեղ գտած է նաեւ հետեւեալ պղտոր արտայայտութիւնը. «Այդ օրուայ համաձայնութեան կողմ չեղած Հայաստան դարձեալ չկայ»։

Խորհրդաժողովի ընթացքին շօշափուելիք նիւթերը պիտի ըլլան՝ Ա. Աշխարհամարտէն վերջ Ռուսաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, Կարսի պայմանագիրը, այդ համաձայնութեան 100-ամեակին Հարաւային Կովկասէ ներս թուրք-ռուս համագործակցութիւնը, 1920 թուականին Կարսի մէջ հրատարակուած հայկական թերթերու վերաբերմունքը։

Վաղը պիտի նշուի նաեւ Կարսի ազատագրման 101-րդ տարեդարձը։

Հարկ է յիշեցնել, որ մօտաւոր անցեալին Երեւանի մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս ալ միջազգային գիտաժողով մը տեղի ունեցած էր՝ Կարսի եւ Մոսկուայի պայմանագրերու կնքման 100-ամեակներուն առթիւ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2021