«ԵՐԵՔ ԳՈՅՆ. ԾԻՐԱՆԱԳՈՅՆ»

Համազգայինի Երեւանի թատերախումբը վերջին օրերուն բեմադրեց «Երեք գոյն. ծիրանագոյն» ներկայացումը, որ արժանացաւ թատերասէրներու անմիջական ուշադրութեան։ Խաղի բեմադրիչն է Իլիա Մոշչիսքի, որ Ռուսաստանէն Հայաստան մեկնած է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ներկայացումը ունի իւրայատկութիւն մը։ Այսպէս, դերասանները բեմին վրայ մէկ կողմէ թատերախաղը կ՚իրականացնեն, իսկ միւս կողմէ զուգահեռաբար՝ իւրաքանչիւր դերասան կը պատմէ այնպիսի դէպքեր կամ իրադարձութիւններ, որոնք իր կեանքին մէջ պատահած են եւ այդ մասին երբեք չէ խօսած նոյնիսկ իր ամենամտերիմներուն հետ։

Խաղի դերասաններն են՝ Գագիկ Մադոյեան, Անդրանիկ Միքայէլեան, Միշա Յակոբեան, Յարութիւն Սարգսեան, Սերկէյ Թովմասեան, Ժաննա Վերիցեան, Մարիա Սէյրանեան, Արմինէ Անդրէասեան, Կարինէ Ծատուրեան, Զարա Յակոբեան, Այէլիտա Գէորգեան, Մերի Մարգարեան եւ Լուսինէ Մանուկեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 29, 2022