BİK ՈՐՈՇԱԾ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹԵՐԹԵՐՈՒՆ
Մամլոյ ծանուցումներու հաստատութիւնը (Basın İlan Kurumu-BİK) որոշած է այս տարի եւս շարունակել օժանդակութիւնը փոքրամասնութիւններու թերթերուն համար։ Անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ BİK-ի հերթական ընդհանուր ժողովը, որու արդիւնքին առնուած է այս որոշումը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, որոշուած է երկրի վեց փոքրամասնական թերթերուն (չորս օրաթերթ եւ երկու շաբաթաթերթ) համար յատկացնել 150 հազար թրքական լիրա։
Ինչպէս ծանօթ է, BİK վերջին քանի մը տարիներուն կ՚օժանդակէր փոքրամասնութիւններու թերթերուն, սակայն անցեալ տարի ապրուած էր ընդհատում մը։ Ըստ երեւոյթին, ընդհանուր ժողովին ժամանակ որոշուած է վերահաստատել այդ նախընթացը։
BİK ունի իր ընդհանուր տնօրէնը, սակայն իր վարչական կառուցուածքին զուգահեռ՝ ընդհանուր ժողովին ի պաշտօնէ կը նախագահէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնը։ Հետեւաբար, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան եւս այս նախընթացին վերականգնման ուղղութեամբ հնարաւորութիւն ունեցած է բարեխօսելու յաչս պատկան պատասխանատուներուն։