ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԱՏՆԱՆՇԵՑ ԱՖՐԻՆԻ ԱՆԴՈՐՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԱԳԱՆ

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը։ Սա խորհուրդի ներկայ տարուան վերջին նիստն էր, որ տեւեց շուրջ երեքուկէս ժամ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ շեշտը դրուեցաւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն վրայ։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը ընդգծեց, որ Աֆրինի մէջ պէտք է ապահովուի անդորրութիւն եւ անվտանգութիւն։ Մատնանշուեցաւ, որ Աստանայի ժողովներու ընթացքին առնուած որոշումները նպաստած են Սուրիոյ մէջ ճգնաժամը լուծելու ուղղեալ գործընթացին եւ խաղաղութեան վերահաստատման։ Թուրք զինեալ ուժերը դիտարկման առաքելութիւնը յաջողութեամբ կ՚իրականացնեն Իտլիպի՝ լարուածութեան նուազեցման շրջանէն ներս։ Այս նոյն առաքելութիւնը կարելի է իրականացնել նաեւ Հալէպի արեւմուտքին եւ Աֆրինի մերձակայքին։ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի համոզումը այն է, որ այսպէսով անդորրութեան ու վստահութեան մթնոլորտը լիարժէք ձեւով կրնայ ապահովուիլ այդ շրջաններէն ներս։

Պաշտօնական զեկոյցին մէջ շեշտուեցաւ, որ ՓՔՔ-ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը կը ձգտի փոփոխութեան ենթարկել Սուրիոյ վաղեմի ժողովրդագրական կառոյցը եւ ազգային մաքրագործումներ կատարելու միջոցաւ կը փորձէ տարածքներ ձեռք բերել։ Այս բոլորը խոտոր կը համեմատին միջազգային իրաւունքին ու մարդու իրաւանց, ուստի կը համարուին անընդունելի։

Զեկոյցին մէջ ընդգծուած է նաեւ, որ Թուրքիա սեփական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով պիտի շարունակէ ամէն տեսակ միջոց ձեռք առնել՝ մասնաւորապէս սահմանամերձ շրջաններու մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2017