ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԿԸ ՄԱՏՆԱՆՇԷ ԱԼԻԵՒԸ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կը շարունակեն հրադադարի խախտումները՝ թիրախաւորելով հայկական պաշտպանութեան դիրքերը։ Երէկ ալ հաղորդուած էր, որ Ատրպէյճան Արցախի վրայ յարձակումներ գործած է։ Պաքուի ղեկավարութիւնը երէկ Երեւանին յանձնեց՝ անցեալ սեպտեմբեր 13-14-ին ծագած բախումներուն ժամանակ զոհուած 13 հայ զինուորի մարմինը։

Այս բոլորը կը պատահին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած հանդիպման ջնջման յաջորդած մթնոլորտին մէջ։ Այդ արմատական քայլին յաջորդած իրավիճակին մէջ Պաքուի ղեկավարութիւնը հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքերը։ Բացի Ալիեւէն, Ռիքեր Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ զրոյցի ընթացքին Ռիքեր յորդորած է, որպէսզի կողմերը յստակ քայլերու ձեռնարկեն խաղաղութեան պայմաններ ստեղծելու համար։ Իր կարգին, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ վերջերս Երեւան եւ Պաքու կատարած այցելութիւններու լոյսին տակ գրառում մը կատարեց ընկերային ցանցերու վրայ։ Ան յայտնեց, որ Երեւանէն եւ Պաքուէն կ՚ակնկալուի զսպուածութիւն եւ ուժեղ քաղաքական կամք՝ լարուածութիւնը թուլացնելու եւ համապարփակ կարգաւորման հասնելու համար։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ «Արմէնփրէս» գործակալութեան տուաւ ծաւալուն հարցազրոյց մը։ Վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ ան յայտնեց, որ Ալիեւ ի սկզբանէ կը ստանձնէ հաւանական մագլցման պատասխանատուութիւնը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2022