ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Եւրոպահայութեան տեսակէտէ անցեալ կիրակի յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Սպանիոյ մէջ։ Այսպէս, այդ երկրի առաջին հայկական եկեղեցւոյ երդիքին տակ մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ։ Պենալմատենա քաղաքին մէջ կառուցուած է Սպանիոյ առաջին հայկական եկեղեցին, որու վէմքարը օծուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի ձեռամբ։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ գարնան այս եկեղեցւոյ ամբողջական օծումը կատարուի Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ։ Մինչ այդ, շաբաթավերջի վէմքարի օծումէն վերջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Պենալմատենայի եկեղեցւոյ մէջ մատոյց անդրանիկ Ս. Պատարագ։ Ներկայ էին նաեւ սպանահայոց հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Սարգսեան եւ Տ. Թադէոս Աւ. Քհնյ. Գէորգեան։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան եկեղեցւոյ բարերարները, Մատրիտի մօտ Հայաստանի դեսպան Սօս Աւետիսեան, Սպանիայէ ներս ծառայող այլ դիւանագէտներ եւ բազմաթիւ սպանահայեր։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն։

Ինչպէս ծանօթ է, սպանահայութիւնը Եւրոպայէ ներս նոր ձեւաւորուած հայկական համայնքներու շարքին կը դասուի։ Հայաստանէ արտագաղթածներէ կազմուած համայնք մըն է այս մէկը, որ հետզհետէ կը կազմակերպուի՝ արդէն հաստատութենական առումով ալ ձեռքբերումներ ապահովելով։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2022