ՎԵՐՍՏԻՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ տագնապը, որ շուրջ տասն տարիէ ի վեր միջազգային օրակարգի կիզակէտին է, արդէն նոր հարթութիւն մը թեւակոխած է Մերձաւոր Արեւելքի սարսափելի իրադարձութիւններով։ Դամասկոսի ղեկավարութեան եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ վերջին օրերուն վերստին բախումներ բռնկած են Հալէպի մերձակայքին։ Կը հաղորդուի, որ ցարդ հակադիր դիրքեր զբաղեցուցած ընդդիմադիր ուժերը արդէն միասնական յարձակումի մը ձեռնարկած են Հալէպի վրայ։ Վերջին օրերու բախումները ցարդ խլած են 182 զոհ, սակայն, այդ վիճակագրութիւնը կը համարուի փոփոխական։
«Հէյէթ Թահրիր Շամ» (ՀԹՇ) կազմակերպութիւնը վերջին օրերու յարձակումներով վերահսկողութիւն հաստատած է 56 գիւղի եւ այլ կէտերու վրայ։ Ընդդիմադիր զօրքերը արդէն մինչեւ մէկ քիլօմեթր մօտեցած են Հալէպի կեդրոնը։ Կը հաղորդուի, որ բախումներու զոհ գացած է նաեւ Իրանէն զօրավար մը, որ Սուրիոյ բանակի խորհրդականներէն էր։
Թուրքիան ալ մօտէն կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Անգարա եղելութիւնները այնպէս կը տրամաբանէ, որ Սուրիոյ վերջին դէպքերը չեն կրնար անկախ ընկալուիլ տարածաշրջանին ընդհանուրէն։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ տարածաշրջանի կարգ մը տեղական խմբաւորումները սկսած են աշխուժանալ եւ այս կապակցութեամբ իրադարձութիւնները անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին։ «Մեր միաւորումներուն համար ձեռք առած ենք ու կը շարունակենք առնել ամէն տեսակ նախազգուշական միջոց», հաղորդուած է նախարարութեան կողմէ։
Մերձաւոր Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, տեղական տարրերը կը ջանան ինքզինքնին վերահաստատել եւ հնարաւորութեան պարագային իրենց ազդեցութեան գօտիները ընդլայնել։
Տեղական մամուլն ալ լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանայ դէպքերուն։ Ընդդիմադիր խմբաւորումներու յարձակումը սկիզբին եղած է սահմանափակ, սակայն, աստիճանաբար ծաւալուած է՝ քանի երկրի կանոնաւոր բանակի տարրերը սկսած են խոյս տալ իրենց դիրքերէն։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ ներկայիս ՀԹՇ-ի կողմէ շուրջ 400 քառակուսի քիլօմեթր տարածք մը վերահսկողութեան տակ առնուած է։
Իսրայէլի յարձակումներով տարածաշրջանի առկայ մագլցման զուգահեռ՝ Թուրքիա ցարդ ընդդիմադիր խմբաւորումները զսպած է, որպէսզի գործողութիւններու չձեռնարկեն։ Յամենայնդէպս, ըստ անվտանգութեան շրջանակներու աղբիւրներուն՝ Աստանայի բանակցութիւններու կամ այլ հարթակներու վրայ երաշխաւորի դիրքով միւս երկիրները՝ Ռուսաստանն ու Իրանը նոյնը չեն ըրած Սուրիոյ վարչախումբը կասեցնելու համար։