ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԻՎԼԻՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵՐԿՐԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ

Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին նախընթաց օր հիւրընկալեց Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները։ Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով մասնակցեցան լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան եւ դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դիւանապետ հայր սուրբը սոյն հանդիպումէն վերջ տեղեկացուց հետեւեալը. «Իր պաշտօնական խօսքին մէջ նախագահը նախ շնորհաւորեց Սուրբ Երկրի բոլոր քրիստոնեայ համայնքները Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի առթիւ։ Ապա ան անդրադարձաւ եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ օրինագծին։ Նախագահը հաստատեց, թէ Իսրայէլ երբեք չ՚ընդունիր այնպիսի օրինագիծ մը, որ կրնայ վնաս հասցնել քրիստոնեայ համայնքներուն։ Ան վստահեցուց, թէ խնդիրը պէտք է լուծուի բանակցութիւններով եւ փաստաբաններու խումբի կողմէ»։

Իսրայէլի մէջ եկեղեցապատկան կալուածներու վերաբերեալ նոր կարգադրութիւններու մտադրութիւնը վերջին շրջանին մշտապէս կը գտնուի օրակարգի վրայ՝ ծնունդ տալով խնդրայարոյց երեւոյթներու։ Որպէս բողոք՝ մօտաւոր անցեալին Սուրբ Յարութեան տաճարի դռները փակուած էին քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներու տնօրինութեամբ։ Այս բոլորէն վերջ, անցեալ շաբթուան մէջ ալ տեղի ունեցան մտահոգիչ իրադարձութիւններ։ Դեկտեմբերի 23-ին Քնեսեթէ ներս տեղի ունեցած նախարարաց խորհուրդի օրակարգին վրայ դարձեալ ընդգրկուած էր այն օրէնքի նախագիծը, որ Իսրայէլի պետութեան հնարաւորութիւն կու տայ եկեղեցապատկան կալուածները բռնագրաւելու։ Նախագծի հեղինակն է Ռախել Ազարիա։ Այս կապակցութեամբ հոգեւոր առաջնորդները դիմած էին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի՝ որպէսզի նախագիծը ժողովի օրակարգէն դուրս մնայ։ Անոնք յայտնած էին, որ եթէ իրենց փափաքը չկատարուի, ապա համատեղ մամլոյ ասուլիս մը պիտի սարքէին։ Այդ բողոքին պատճառ դարձած հիմնական հանգամանքներէն մին այն էր, որ անցեալ հոկտեմբերի 23-ին Իսրայէլի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս դրական խոստումներ տրուած էին այս հարցի լուծման շուրջ։ Դեկտեմբերի 23-ի ժողովի սեմին կատարուած միջամտութիւններով այդ օրէնքի նախագիծը դարձեալ դուրս թողուած էր օրակարգէն։ Քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներն ալ ջնջած էին իրենց նախատեսած համատեղ մամլոյ ասուլիսը։

Ուրեմն այս բոլորով պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ Իսրայէլի նախագահի եւ երկրի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018