ԻՐԱՆ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՁԵՌՆԱՄՈՒԽ Կ՚ԸԼԼԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԾՐԱԳՐԻ ՄԸ

Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ երկաթուղիի մը եւ մայրուղիի մը կառուցման շուրջ։ Թեհրանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի Աստարա եւ Իրանի նոյնպէս Աստարա կոչուած շրջաններուն միջեւ պիտի կառուցուին մայրուղի մը ու երկաթուղի մը։ Իրանի Հաղորդակցութեան ու քաղաքաշինութեան նախարար Մուհամմէտ Իսլամի նախընթաց օր այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ երկրի հիւսիսին Ռեշտ քաղաքին մէջ, ուր տեղի ունեցած երկու երկիրներու միջեւ՝ հաղորդակցութեան բնագաւառէն ներս համագործակցութեան ուղղեալ համատեղ ժողովին ընթացքին։

Մուհամմէտ Իսլամի ընդգծեց, որ երկու երկիրներու տնտեսական համագործակցութեան ծաւալը նախորդ տարուան բաղդատմամբ տասնապատկուած է։ «Աստարա-Աստարա միջազգային երկաթուղիի ծրագրի կեանքի կոչուիլը առիթ պիտի հանդիսանայ, որպէսզի հիւսիս-հարաւ միջանցքի ներուժը բարձրանայ», ըսաւ իրանցի նախարարը։

Միեւնոյն ժամանակ Իսլամի տեղեկացուց, որ երկու երկիրներու միջեւ յանձնաժողովի համատեղ նիստը նախատեսուած է յառաջիկայ Մարտին։ Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ քաղաքական յարաբերութիւնները լաւ մակարդակի մը վրայ են, վերջին հինգ տարուան ընթացքին երկու երկիրներու նախագահները մէկտեղուած են տասներկու անգամ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 29, 2018