ՊԱՔՈՒԷՆ ԽԱԽՏՄԱՆ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած հրադադարի պայմաններուն ներքեւ շաբաթավերջին ուշագրաւ լուրեր հասան Հադրութի շրջանի Տող գիւղէն։ Պաքուի պաշտօնական աղբիւրները պնդեցին, որ կիրակի ուշ երեկոյեան հայկական զինեալ խումբ մը յարձակում գործած է Ատրպէյճանի զօրքերուն վրայ։ Ըստ նոյն պնդումներուն, դէպքին հետեւանքով սպաննուած է մէկ ատրպէյճանցի եւ վեց հայ զինուոր։ Հայկական կողմը անմիջապէս հերքեց այս պնդումները։ Այսպէս, տեղեկացուեցաւ, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակէն որեւէ ստորաբաժանում, ոեւէ զինուոր նշուած ժամանակահատուածին որեւէ գործողութեան չէ մասնակցած, արտակարգ պատահար մը չէ կատարուած, հայկական կողմէն նոյնիսկ կրակոց չէ արձակուած։ Ապատեղեկատուութիւն որակելով այդ բոլորը՝ հայկական կողմը յիշեցուցած է, որ Տող գիւղը ամբողջովին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքեւ կը գտնուի։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի մէջ մասնագէտներ այս կապակցութեամբ կը մեղադրեն Ռուսաստանը, որ ստանձնած է հրադադարի պահպանման առաքելութիւնը։ «Թուրան» գործակալութեան հաղորդումներով, այս դէպքերը Ատրպէյճանէ ներս հակառուսական տրամադրութիւններ յառաջացուցած են։

Նկատի առնելով հրադադարի հաստատումէն յետոյ Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրուած ընթացքը՝ հարկ է հաշուի առնել այն վարկածը, թէ Պաքու կը ջանայ անվստահութեան մթնոլորտ ստեղծել, մաշեցնել հրադադարի երաշխաւոր Ռուսաստանի դիրքերը, թէկուզ յաջորդ քայլափոխին արդարացնելու համար նոր ռազմական գործողութիւններու նկրտումները։ Արցախի Պաշտպանութեան բանակն ալ Ատրպէյճանի այս յայտարարութիւնները որակեց քարոզչական սադրանք։

Միւս կողմէ, Թուրքիա Ատրպէյճանի հաղորդումներու լոյսին տակ յայտարարեց, որ հրադադարը խախտուած է։ Անգարայի այս յայտարարութիւնը նաեւ արձագանգն է Մոսկուայի վերջին պաշտօնական վերահաստատման, թէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շփման գծի ամբողջ երկայնքով հրադադարը կը պահպանուի։ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ դիտել տրուած է, որ յարձակում գործած հայկական զինեալ տարրերը հրաժարած են թողել իրենց զէնքերը ու նահանջած։ Սա 9 նոյեմբերին հաստատուած հրադադարի ակնյայտ խախտումն է։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020