ՈՉ ԵՒՍ Է ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գանատահայ համայնքի կարկառուն դէմքերէն տքթ. Յարութիւն Արզումանեան։ Բօթը մեծ ցաւ յառաջացուցած է գանատահայ շրջանակներէ ներս։ Մոնրէալի մեր պաշտօնակից «Ապագայ»ի հաղորդումներով, ան երկրաւոր կեանքէ հեռացած է անցեալ կիրակի՝ ներկայ տարուայ վերջին օրերուն։
Տքթ. Յարութիւն Արզումանեան հինգ տասնամեակներու վրայ տարածուած հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է գանատահայ կեանքէ ներս։ Իր հմտութիւններն ու փորձառութիւնները ծառայեցուցած է գանատահայոց համախմբման, ինքնութեան պահպանման նպատակներուն։ Ծառայութիւն բերած է գանատահայութեան զանազան կառոյցներուն՝ որպէս վարչական, կազմակերպչական կարողութիւններով նպաստած է անոնց յարատեւութեան։ Միշտ առաջնորդուած է հայրենասէր գաղափարներով, Հայաստանի նկատմամբ նուիրումով եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նկատմամբ հաւատարմութեամբ։
Տքթ. Յարութիւն Արզումանեանի մահուան տխուր առթիւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան շրջանի «Էօժէն Փափազեան» վարչութիւնը, «Թէքէեան» մշակութային միութեան Մոնրէալի մասնաճիւղն ու «Ապագայ» թերթի խմբագրութիւնը ցաւակցութիւն յայտնած են հանգուցեալի ընտանիքին։