ԻՐԱՔԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Իրաքի նախագահ Պերհամ Սալիհ այսօր կ՚այցելէ Անգարա, ուր Պեշթեփէի համալիրէն ներս կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Ան կը հանդիսանայ նոր տարուան առաջին արտասահմանեան հիւրը։

Էրտողան եւ Սալիհ առաջնահերթօրէն կը քննարկեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերը։ Ինչպէս ծանօթ է, Թուրքիա Քանտիլի, Սինճարի, Մահմուրքափըի եւ ընդհանրապէս Հիւսիսային Իրաքի մէջ գործողութիւններ կ՚իրականացնէ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ։ Երբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ որոշած է դուրս բերել իր զօրքերը Սուրիայէն, տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած է նոր իրադրութիւն մը։ Այս պայմաններու ներքեւ Էրտողան եւ Սալիհ կ՚անդրադառնան նոր պայմաններուն։ Անոնք կը շօշափեն Սուրիոյ իրադրութիւնը ՓՔՔ-ի եւ ԻՇԻՊ-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարի ընթացքը։

Թուրքիա-Իրաք առեւտուրի ծաւալը ներկայիս հասած է 11 միլիոն ամերիկեան տոլարի մակարդակին։ Կողմերը կը քննարկեն այդ ծաւալը բարձրացնելու հեռանկարները։ Օրակարգի վրայ է նաեւ Թրքական օդային ընկերութեան կողմէ դէպի Սիւլէյմանիէ թռիչքներու հաստատումը։

Բաց աստի, Փաքիստանի վարչապետ Իմրան Հան եւս այսօր կ՚այցելէ Անգարա՝ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։

Միւս կողմէ, ներկայ տարեմուտին նախագահ Էրտողանի դիւանագիտական շփումներու ժամանակացոյցը բաւական ծանրաբեռնուած է։ Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Անգարա պիտի ժամանէ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն։ Նոյն օրերուն Էրտողան Ռուսաստան պիտի մեկնի տեսակցելու համար իր պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Այս բոլոր հանդիպումներու օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ պիտի զբաղեցնեն Սուրիոյ վերաբերեալ իրադարձութիւնները։

ԱՄՆ-ԷՆ ԵՐԱՇԽԻՔ

Միւս կողմէ, Սուրիայէն դուրս գալու որոշման լոյսին տակ ԱՄՆ երաշխիքներ տուաւ Իսրայէլին։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու հանդիպում մը ունեցան Պրազիլի մէջ, ուր մասնակցեցան այդ երկրի նորընտիր ղեկավարի երդման արարողութեան։ Փոմփէօ յայտնեց, որ Սուրիայէն դուրս գալու վերաբերեալ նախագահ Թրամփի կողմէ տրուած որոշումը որեւէ ձեւով փոփոխութեան պիտի չենթարկէ ԱՄՆ-Իսրայէլ համագործակցութիւնը։ Նեթանիյահուն ալ յայտնեց, որ երկու երկիրներու միջեւ կը քննարկուի Իրանի դէմ ռազմական ու լրաքաղութեան համագործակցութիւնը՝ Սուրիոյ մէջ կամ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս այլուր։

Հինգշաբթի, Յունուար 3, 2019