ՄԱԿԵԴՈՆԱՑԻԻ ԿՏԱԿԸ՝ ԳՐՈՒԱԾ ԳՐԱԲԱՐՈՎ
Լոնտոնաբնակ պատմաբան Տէյվիտ Կրանտ կը պնդէ, որ տասն տարի փնտռտուքներէ ետք յայտնաբերած է Աղեքսանդր Մակեդոնացիի կտակը: The Daily Mail պարբերականը հրապարակած է կտակին լուսանկարը, որ գրուած է գրաբարով: Փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած են Աղեքսանդրի ծրագիրները կայսրութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ հրահանգներ՝ իր յուղարկաւորութեան առընչութեամբ եւ ժառանգներու անունները:
Տէյվիտ Կրանտ նշած է, որ Աղեքսանդր Մակեդոնացիի կտակը ոչ մէկը թաքցուցած է, անիկա յայտնաբերուած է հնագոյն ձեռագրի մը մէջ, որ յայտնի է Alexander Romance (Աղեքսանդրի վէպը) անունով: Ժողովածոն կը պարունակէ պատմութիւններ եւ հէքեաթներ, որոնք կը պատմեն զօրավարի սխրանքներուն մասին: Կը նշուի, որ պատմութիւնները գրի առնուած են անոր մահէն շուրջ հարիւր տարի վերջ: