ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ԲԱՐԵՒ ՍԱՐՈՅԵԱՆ»

20-րդ դարու ամերիկեան գրականութեան հսկայ, ամերիկահայ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի 110-ամեակի կապակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Բարեւ Սարոյեան» ծրագիրը, որու սկիզբը կը սկսի այսօր, Աշոտ Նաւասարդեանի անուան թիւ 196 դպրոցին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երիտասարդ արհեստավարժներ երեւանեան խումբի ղեկավար Ինկա Վարդանեան բացատրութիւններ տուաւ այս մասին ու ըսաւ. «Այս եռամսեայ նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս երեխաները խաղերու, ընթերցանութեան, թատերական ներկայացումներու միջոցով պիտի ծանօթանան մեծ գրողի հարուստ գրական ժառանգութեան։ Հանդիպումները կը նախատեսուի իրականացնել ամէն Շաբաթ օր։ Սարոյեան կը ներկայացուի տարբեր կողմերով՝ Սարոյեան գրող, Սարոյեան թատերագէտ, Սարոյեան բեմագրութիւններու հեղինակ, Սարոյեան նկարիչ, Սարոյեան թատրերգու եւ այլն»։

Մեկնարկին գործօն քննարկումներ եւ վիտէօ տեսանիւթեր կ՚ըլլան հեղինակի կեանքի եւ գործունէութեան մասին, որոնք դեռ չեն հրապարակուած։

«Բարեւ Սարոյեան» ծրագիրը կ՚իրականացուի ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդ արհեստավարժներու «Գրքաբաց» նախաձեռնութեան եւ «Ռէօնէսանս» մշակութային եւ մտաւորական հիմնադրամի «Սարոյեան հաուզ» նախագծի շրջանակներէն ներս։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018