ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ կը պատրաստուին ուղեւորութեան մը ձեռնարկել դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան տեղեկեցուց, որ միջնորդները 8-9 Փետրուար թուականներուն շփումներ պիտի ունենան Երեւանի մէջ։ Եռանախագահները պիտի տեսակցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։

Բաց աստի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները պիտի այցելեն նաեւ Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ անոնք պիտի հիւրընկալուին Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան կողմէ։

Կը հաղորդուի, որ նախքան Հայաստան այցելելը միջնորդները շփումներ պիտի ունենան Պաքուի մէջ, ուր պիտի հիւրընկալուին Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018