ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեան դէպի Մոսկուա այցելութեան ծիրէն ներս այցելեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդարանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան հիւրընկալուեցաւ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանի կողմէ։ Արմէն Սարգսեան Ս. Պայծառակերպութիւն Մայր տաճարին մէջ կատարեց մոմավառութիւն եւ ուխտի աղօթքը կատարելէ վերջ առաջնորդարանի համալիրէն ներս կատարեց շրջայց մը։

Արմէն Սարգսեան բարձր գնահատեց թեմի գործունէութիւնը։ Ան նշեց, որ յատկապէս Հայաստանէ դուրս Հայ Եկեղեցին պատմական մեծ դերակատարութիւն ունի հայ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ։ Սարգսեան խօսեցաւ նաեւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի եւ մշակոյթի զարգացման ուղղութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բացառիկ առաքելութեան մասին։

Շաբաթ, Փետրուար 3, 2018