ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, անցեալ շաբաթավերջին, բացումը կատարուեցաւ միջազգային միջեկեղեցական համագումարին, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ երեսուն աստուածաբաններու ու միջեկեղեցական շարժումի փորձագէտներու՝ Հարաւային Քորէայէն, Ինտոնեզիայէն, Հնդկաստանէն, Յորդանանէն, Քենիայէն, Կանայէն, Պուրունտիէն, Ռուսաստանէն, Զուիցերիայէն, Վատիկանէն, Շուէտէն, Ֆինլանտայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն եւ Լիբանանէն:

Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ նախաձեռնողն է համագումարին, պաշտօնական բացումը կատարելով յիշեց, թէ «միջեկեղեցական շարժումը կը գտնուի լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց աշխարհի մը մէջ, որ արմատական ու մնայուն փոփոխութեան մէջ է: Հետեւաբար, պահելով հանդերձ իր հիմնական ուղղութիւնն ու նպատակը՝ անհրաժեշտ է, որ միջեկեղեցական շարժումը կարենայ քայլ պահել յարափոփոխ պայմաններուն եւ առաջնահերթութիւններուն հետ՝ առընչուած ներկայ ընկերութեան ու յատկապէս եկեղեցիներու կեանքին եւ առաքելութեան»: Ապա Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց օրակարգի հարցերը, համագումարի աշխատանքներուն ընթացքն ու հանգրուանները եւ իր սպասումը համագումարէն:

Ընտրուեցան երկու համաատենապետներ եւ համագումարին յայտարարութիւնը խմբագրելու կոչուած յանձնախումբ մը: Համագումարին առաջին դասախօսութիւնը տուաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:

Շուրջ ժամ մը տեւող դասախօսութեան ընթացքին Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդհանուր գիծերով նախ պարզեց միջեկեղեցական շարժումին ներկայ կացութիւնը՝ դրական ու բացասական երեսներով, յառաջացած տագնապներով եւ երեւան եկող նոր երեւոյթներով: Նորին Սրբութիւնը իր դասախօսութիւնը բաժնեց չորս մարզերու:

Առաջին բնագաւառէն ներս ան իր խօսքը կեդրոնացուց եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ըսաւ. «անհրաժեշտ է որ դուրս գայ ծէսի, դաւանանքի ու վարչակազմակերպչական կեանքի նեղ սահմաններէն ու դառնայ ժողովուրդի եկեղեցին: Եկեղեցին ճշմարտօրէն ինքզինք կ՚ըլլայ՝ ժողովուրդով ու ժողովուրդին համար: Այսօր եկեղեցին լուրջ տագնապներու դիմաց է: Խրամատը հաւատալուն եւ պատկանելուն սկսած է դառնալ աւելի խոր: Հաւատացեալները սկսած են հեռանալ եկեղեցիէն: Արեւմտեան երկիրներու մէջ հսկայ տաճարներ սկսած են վերածուիլ թանգարաններու ու ճաշարաններու: Զարմանալի է, բայց իրաւ. եկեղեցին կը տկարանայ, իսկ քրիստոնէութիւնը կը զօրանայ...: Հո՛ս է տագնապը. եկեղեցւոյ ինքնակղզիացումը աւելի պիտի շեշտուի, եթէ ան չկարենայ իր պատերէն դուրս գալ եւ իր շուրջ համախմբել ժողովուրդը: Այս երեւոյթը իր լուրջ հետեւանքները ունի միջեկեղեցական շարժումին»:

Դասախօսութեան երկրորդ բաժնին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադարձաւ միջեկեղեցական շարժումը իր կառոյցներէն դուրս բերելու եւ դէպի ժողովուրդ ուղղելու հրամայականին: «Միջեկեղեցական շարժումը վերջին տասնամեակներուն առաւելաբար շեշտը դրաւ կազմակերպչական հարցերուն ու ծրագրերուն եւ շատ բան կորսնցուց շարժում ըլլալու բնոյթէն եւ իբ-րեւ հետեւանք համաշխարհայնացումի՝ տարբեր նկարագիր ու ուղղութիւն սկսած է առնել: Ինչպէս եկեղեցւոյ առաջնահերթութիւնները փոխուած են, նաեւ սկսած են փոխուիլ միջեկեղեցական շարժումին առաջնահերթութիւնները: Եկեղեցիներ կը նախընտրեն իրարու հետ գործակցիլ ո՛չ թէ կառոյցներուն շուրջ, այլ՝ կառոյցներէն դուրս եւ քննել այնպիսի հարցեր, որոնք անմիջականօրէն աղերս ունին ներկայ ընկերութեան տագնապներուն հետ: Եկեղեցի-ընկերութիւն յարաբերութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ եկեղեցիներու կեանքին մէջ: Հետեւաբար, միջեկեղեցական շարժումը կոչուած է վերատեսութեան երթարկելու իր օրակարգն ու գործելակերպը», յիշեցուց ան։

Իր դասախօսութեան երրորդ բաժնին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսի խօսեցաւ միջեկեղեցական շարժումին երկու տարածքներուն մասին՝ շարժում եւ համախմբում: Պատմական ակնարկ մը կատարելով ըսաւ. «Միջեկեղեցական շարժումը եկեղեցիներու խորհուրդներ ու համախմբումներ յառաջացուցած էր՝ եկեղեցւոյ միութիւնը ունենալով որպէս նպատակ: Ներկայ աշխարհի պայմանները եկեղեցիները մղած են առաւելաբար շրջանային ու տեղական մակարդակներու վրայ գործակցական ոչ-մնայուն մարմիններ յառաջացնելու եւ ոչ թէ մնայուն խորհուրդներ կամ կառոյցներ: Այս մօտեցման դրդապատճառները թէ՛ տնտեսական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ գործնական են։ Շարժում մը շարունակուելու համար կարիքը ունի կառոյցի, այլապէս՝ ժամանակի ընթացքին կրնայ իր առաքելութիւնը կորսնցնել, ինչպէս նաեւ իր ազդեցութիւնը: Միաժամանակ անհրաժեշտ է կառոյցի մէջ չպարփակել միջեկեղեցական շարժումին նպատակը»:

Դասախօսութեան վերջին բաժնին մէջ Նորին Սրբութիւնը զանազան մօտեցումներով պարզեց համայնական նոր տեսլականի մը իր պատկերացումը: «Միջեկեղեցական շարժումը չի կրնար հեռու մնալ ներկայ ժամանակներու փոփոխութիւններէն ու տագնապներէն: Այլեւս դաւանական ու աստուածաբանական հարցերը չեն կրնար առաջնահերթ տեղ գրաւել թէ՛ եկեղեցիներու եւ թէ միջեկեղեցական շարժումի կեանքէն ներս: Եկեղեցիներու միութիւնը հեռաւոր նպատակ է: Անհրաժեշտ է, որ եկեղեցիներ գործակցին հաւաքական արժէքներու ու ճշմարտութիւններու շուրջ համախմբուելով ի խնդիր արդարութեան, մարդկային իրաւունքներու, խաղաղ գոյակցութեան ու համերաշխութեան: Այս ծիրէն ներս գործակցութիւնը կրօններուն ու ընկերութեան կառոյցներուն հետ հրամայական է», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս ու եզրակացնելով իր խօսքը յիշեցուց՝ «ներկայ աշխարհը կը մերժէ որեւէ ձեւի ինքնակղզիացում: Պէտք է միասին ըլլանք, գործակցինք ու պայքարինք ընկերութիւնը քանդող չարիքներուն դէմ՝ համախմբուելով համայնական տեսլականի մը շուրջ»:

Արամ Ա. Կաթողիկոս դասախօսութենէն ետք յաջորդող նիստերուն հակիրճ զեկոյցներ ներկայացուցին գլխաւոր եկեղեցիներու եւ շրջանային խորհուրդներու ներկայացուցիչները:

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2020