ՍԱՌՑԱԼԵՐԱՆ ՆՄԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան յայտարարեց, որ մեր համայնքը կը նմանի սառցալերան եւ ան կը հալի թափով։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վերջերս ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին։ Սաւաշ Էօզպէյի ստորագրութեամբ այս հարցազրոյցի առաջին բաժինը երէկ հրատարակուեցաւ թերթի կիրակնօրեայ յաւելուածին մէջ։ Ամբողջ էջ մը տրամադրուած էր Նորին Ամենապատուութեան յայտարարութիւններուն համար։ Այսօր ալ հարցազրոյցի վերջին՝ երկրորդ բաժինը լոյս տեսած է թերթի բուն օրինակին մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը պատասխանած է բազմաբնոյթ հարցումներու, որոնք կը վերաբերին մեր համայնքի խնդիրներէն եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններէն սկսեալ՝ մինչեւ իր զանազան նիւթերու վերաբերեալ նախասիրութիւնները։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրած է, որ մեր համայնքի բնակչութիւնը թափով կը նուազի եւ այսօր ահազանգային համեմատութիւններու հասած է։ «Մենք 82 միլիոննոց ծովու մը մէջ կը նմանինք սառցալերան մը եւ փութով կը հալինք։ Գաղթ ալ կու տանք։ Ներկայիս Թուրքիոյ ամենամեծ ոչ-իսլամ փոքրամասնական հաւաքականութիւնը կը հանդիսանանք։ Մեր բնակչութիւնը կը կազմէ 50-60 հազար։ Սակայն մեր աչքին առջեւ ունինք յոյն համայնքը, որու բնակչութիւնը 2 հազարէն նուազ է», նշած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

Յաջորդ խնդիրը, որուն վրայ շեշտը դրած է Նորին Ամենապատուութիւնը, Պատրիարքական Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակէ մը զուրկ ըլլալու պարագան։ «Հանրապետութիւնը որեւէ կարգավիճակ չէ տուած մեզի։ Գործնականօրէն գոյութիւն ունինք, սակայն իրաւականօրէն՝ ոչ», դիտել տուած է ան եւ աւելցուցած է, որ Լոզանի դաշնագիրը կ՚երաշխաւորէ միմիայն լինելիութիւնը։ Դաշնագիրը ներքին կարգադրութիւնները թողած է Թուրքիոյ։ Հայոց Պատրիարքութեան վերաբերեալ որեւէ սահմանում կամ բնորոշում գոյութիւն չունի։ Սա կը դժուարացնէ ամէն ինչ՝ դատարան դիմելէ սկսեալ, մինչեւ սեփականութիւն ձեռք բերելը։ Պատրիարքարանի շէնքն անգամ կը պատկանի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ։ «Մենք ունինք 38 եկեղեցի եւ 42 վաքըֆ։ 38 եկեղեցին ալ ինքնագլուխ է», շեշտած է ան։

Թուրքիոյ մէջ ազգայնական տրամադրութիւններու դրսեւորումներուն, իսլամատեացութեան եւ հակաքրիստոնէութեան նիւթերուն հետաքրքիր խորհրդածութիւններով անդրադարձած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ «Հարիւր տարի առաջ այս երկրի բնակչութեան մէկ երրորդը քրիստոնեայ էր, իսկ այսօր՝ մէկ հազարերորդն է։ Ձեր կարծիքով՝ հակաքրիստոնէութիւն չկա՞յ», նշած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընդգծած է, որ ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն գործերը քիչ մը աւելի դիւրացած են։ Արդարեւ, սա կրօնական զգայնութիւններով կառավարութիւն մըն է։ «Անցեալի մէջ իրենք ալ ենթարկուած են ճնշման, ուստի յետադարձ հայեացք մը կը ցուցաբերեն քրիստոնեաներու պարագային», նշած է Նորին Ամենապատուութիւնը ու թուարկած՝ ներկայ իշխանութեան շրջանին եղած դիւրութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս շեշտած է համայնքապատկան շէնքերու վերանորոգութիւններու դիւրացումը։

Երկօրեայ հարցազրոյցին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնած է նաեւ, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան փուլ բերած է 24 ապրիլի թապուն։ Իր խօսքով՝ 24 ապրիլը երկար ժամանակ ընկալուեցաւ որպէս թապու, որպէս թշնամանք։ Այդ շղթան նախագահ Էրտողանի կողմէ ջարդուեցաւ։ «2015-ին ցաւակցական պատգամ մը ուղարկեց եւ մենք առաջին անգամ մեր եկեղեցիներուն մէջ ոգեկոչեցինք մեր մեռեալները։ Աղօթեցինք անոնց համար։ Սա անշուշտ լաւ զարգացում մըն է։ Պարտաւոր չենք քաղաքական ակնոցով դիտել ամէն դէպք։ Ամէն ինչ մարդկային չափում մըն ալ ունի։ Կորսնցնելէ վերջ չէք կրնար մարդը ետ բերել, սակայն կ՚ուզէք առնուազն անոր սուգը պահել։ Մարդիկ իրարու ցաւերուն նկատմամբ յարգանք պէտք է ցուցաբերեն, որովհետեւ ցաւերը բաժնուելով կը նուազին, իսկ ուրախութիւնները բաժնուելով կ՚աւելնան», ըսած է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

«Հիւրրիյէթ»ի թղթակիցը այս նիւթին կապակցութեամբ հարցուցած է Նորին Ամենապատուութեան ակնկալութիւնները։ Ի պատասխան՝ ան աւելցուցած է հետեւեալը. «Մեր ակնկալութիւնն է հայ ժողովուրդի կորուստներու եւ տարած ցաւերու հասկցուիլը։ Մենք գիտենք, որովհետեւ ապրած ենք։ Սակայն այս երկրին մէջ այս բոլորը լաւ չեն գիտցուիր։ Բաց աստի, այս երկրին մէջ փոքրամասնութիւնները կը ներկայացուին՝ որպէս հարուստ ու երջանիկ։ Բնաւ այդպէս չէ։ Այսօր ալ այդպէս չէ, անցեալի մէջ ալ այդպէս չէր։ Ըստ իս, 24 ապրիլը ո՛չ թէ անցեալի, այլեւ՝ ապագայի ուղղեալ ցոլացում մը պէտք է ունենայ։ Ճշմարիտ պատճառներու ի յայտ բերուիլը՝ ապագային ուղղեալ ապահովագրութեան մը բնոյթը պիտի ունենայ։ Մեծ դասեր կարելի է քաղել Սուրիոյ պարագայէն։ Այնտեղ յանկարծ իրարու թշնամացած են ժողովուրդներ, որոնք կ՚ապրէին որպէս բարեկամ։ Նման պարագայ մը աշխարհի ժողովուրդները ապրեցան Ա. Աշխարհամարտի ժամանակ։ Ազգայնականութեան որդը մուտք գործեց եւ ամէն մարդ փափաքեցաւ իր ազգ-պետութիւնը ստեղծել։ Թէեւ դուն պիտի ստեղծես ազգային պետութիւն մը, սակայն բոլորը արդէն ապրած են ընդելուզուած։ Հապա ի՞նչ պիտի ընես միւս ազգերուն»։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատնանշած է, որ թրքահայութիւնը երկլեզու հաւաքականութիւն մը կը համարուի։ «Երազներուս մէջ թուրքի հետ թրքերէն, հայու հետ հայերէն կը խօսիմ», ըսած է Նորին Ամենապատուութիւնը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 3, 2020