«ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԱՇՆԱԿԻՑ»

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ այցելեց Պերլին, ուր հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Պաշտպանութեան նախարար Անեկրետ Քրամփ Քարենպաուէրի կողմէ։ Միօրեայ այցելութեան ընթացքին երկու նախարարները վարեցին բանակցութիւններ, որոնց աւարտին սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Գերմանացի նախարարը այս փուլին տեղեկացուց, որ քննարկումներու ժամանակ օրակարգի վրայ եկած է Արեւելեան Միջերկրականի իրադրութիւնը։ Այս կապակցութեամբ ան դիտել տուաւ, որ Գերմանիային միջնորդական դերակատարութիւն մը կը վիճակի։ «Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի կարեւոր դաշնակիցներէն մին է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ», ըսաւ Քարենպաուէր։

Գերմանիա վերջին շրջանին զանազան նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ Միջերկրականի արեւելքին լիցքաթափում մը ապահովելու նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ մօտաւոր անցեալին Թուրքիա այցելած էր այդ երկրի Արտաքին գործոց նախարարը՝ Հէյքօ Մաաս։ Այժմ նոյն ծիրին մէջ կը դասուի Հուլուսի Աքարի Պերլին կատարած այցելութիւնը։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2021