CHANEL-Ի ԳԱՐՈՒՆ-ԱՄԱՌ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ
Ընտանեկան ջերմութեամբ ոգեշնչուած ազատ, ամառնային կերպարներ, շերտաւոր կիսաշրջազգեստներ, նուրբ երանգներ. Chanel-ը ներկայացուցած է գարուն-ամառ նոր հաւաքածոն։ Այսպէս, աշխարհահռչակ ֆրանսական Chanel նորաձեւութեան տունը ներկայացուցած է 2021 թուականի գարուն-ամառ հաւաքածոն, որու ցուցադրութիւնը կայացած է Փարիզի «Կրան փալէ» ամրոցին մէջ: Քորոնաժահրի համավարակի պատճառով ցուցադրութիւնը կայացած է առանց հանդիստեսի:
Chanel-ի ստեղծագործական տնօրէն Վիրժինի Վիար նոր հաւաքածոն նուիրած է ընտանեկան յարաբերութիւններու կարեւորութեան ու ջերմութեան:
«Ես կը սիրեմ մեծ ընտանեկան տօնախմբութիւնները, երբ կը միաւորուին մէկ ընտանիքի քանի մը սերունդներ: Այդ այնքան ջերմ է», ընդգծած է Վիար:
Հաւաքածոն կը յիշեցնէ 1920-ականներու գեղագիտութիւնը: Ազատ եւ ամառնային երեկոներու կերպարները Վիար մարմնաւորած է շերտաւոր կիսաշրջազգեստներու, նուրբ երանգներով զգեստներու, բաճկոններու, սեւ-սպիտակ կօշիկներու տեսքով:
Ցուցադրութեան ներկայ գտնուած են ապրանքանիշի դեսպանները՝ դերասանուհիներ Մարիոն Քոթիար, Փենելոփէ Քրուզ, Վանեսա Փարատի՝ դստեր Լիլի Ռոզ Տեփի հետ եւ բնորդուհի Գարօլին տը Մեկրէ: