ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ «FLY ONE ARMENIA» ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐԱՄ ԱՆԱՆԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց «Fly One Armenia» օդային ընկերութեան կառավարման խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեանն ու իր ընկերակիցները։ Հարկ է նշել, որ ան Երեւան-Իսթանպուլ երէկուան առաջին թռիչքով ժամանած է քաղաքս, ուր կ՚ունենայ կարճ կեցութիւն մը՝ մինչեւ վաղը երեկոյեան, մինչեւ յաջորդ թռիչքը։

Այս առաւօտ Արամ Անանեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան, ուր ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց ուղիղ թռիչքներու վերսկսման կապակցութեամբ ու շեշտեց, որ այս իրադարձութիւնը ջերմօրէն կ՚ողջունեն համայնքային շրջանակները։ Ան մաղթեց, որ թռիչքներու վերսկսումը դրական գործօնի մը վերածուի՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը խթանելու համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը համոզուած է, թէ ուղիղ հաղորդակցութեան հնարաւորութիւնները անգնահատելի են՝ երկու ժողովուրդներու եւ երկիրներու փոխադարձ ճանաչման իմաստով։ Զրոյցին ներկայ էր նաեւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Իր կարգին, Արամ Անանեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր խրախուսանքին համար։ Ան յայտնեց, որ «Fly One Armenia» ընկերութիւնը ամենայն պատասխանատուութեամբ կ՚իրականացնէ այս չուերթները ու կը գիտակցի այս գործարքի կարեւորութեան։ Ան յոյս յայտնեց, թէ թրքահայ համայնքային շրջանակները եւս զօրակցութեան առարկայ կը դարձնեն իրենց ջանքերը եւ կ՚օգտուին այս ուղիղ թռիչքներէն։

Օրուան տեւողութեան Արամ Անանեան քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ կու տայ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը։ Բաց աստի, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան մէջ ան հանդիպում մը կ՚ունենայ պոլսահայ մամլոյ սպասաւորներուն հետ։ Իր կեցութեան ծրագրի այս փուլը հետաքրքրական է, որովհետեւ Արամ Անանեան պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն համար վաղեմի գործակից մը, պաշտօնակից մը կը համարուի։ Արդարեւ, մինչեւ մօտաւոր անցեալը ան երկար տարիներ եղած էր «Արմէնփրէս» գործակալութեան ընդհանուր տնօրէնը։ Այժմ, Իսթանպուլի մէջ, ան պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն կը ներկայանայ իր նոր առաքելութիւնով։ 

Հինգշաբթի, Փետրուար 3, 2022