ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն ու վարչական խորհուրդի նախագահ Օլեկ Պելոզիորով եւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին։ Հարկ է նշել, որ «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան յանձնուած է Հայաստանի երկաթուղիներու կառավարումը՝ «Հարաւ-կովկասեան երկաթուղիներ» ընկերութեան միջոցաւ։
Մհեր Գրիգորեանի եւ Ալեքսէյ Օվերչուքի երէկուան հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Ռուսաստանի երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ երկուստեք ընդգծուեցաւ «Հարաւ-կովկասեան երկաթուղիներ» ընկերութեան կարեւոր դերը Հայաստանի տնտեսութեան տեսակէտէ։ Քննարկուեցան առեւտրական պայմանագրի շրջանակներէ ներս այս ընկերութեան հետ համագործակցութեան ապագայ զարգացման վերաբերեալ շարք մը հարցեր։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի ձեւաչափին մէջ ստեղծուած, փոխ-վարչապետներու համատեղ նախագահութեամբ աշխատանքային խումբի օրակարգային հարցերուն։ Գրիգորեան եւ Օվերչուք այդ եռակողմանի աշխատանքային խումբին գլուխը գտնուող փոխ-վարչապետներու շարքին են։ Ուստի, երէկուան իրենց հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային փոխադրական հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարները։
Հայաստանի կառավարութեան այս առաւօտուայ նիստէն առաջ ունեցած ելոյթին ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ անդրադարձաւ Օվերչուքի այցելութեան։ «Շատ մօտ ենք տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու բացման եռակողմանի աշխատանքային խումբի առաջին գործնական արդիւնքները արձանագրելու», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ ռուսական պատուիրակութեան երէկուայ այցը Երասխ-Ջուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի աշխատանքներուն ձօնուած էր։