ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԲՈԼՈՐ ՀԱՐԹԱԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԿԸ ԽՕՍԻ «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔ»Ի ՄԱՍԻՆ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան վարչութեան պետ Հիքմէթ Հաճիեւ հերթական անգամ խօսեցաւ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի եւ «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին։

Կասպեան քաղաքականութեան կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած «ԱՄՆ-Կասպեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը» ուէպինարի ընթացքին Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճան գործընկերներու եւ հարեւան երկիրներու հետ կ՚աշխատի Հարաւային Կովկասը հակամարտութիւններէ եւ պատերազմներէ զերծ տարածաշրջանի մը վերածելու ուղղութեամբ եւ կը ձգտի ապահովել, որպէսզի Հարաւային Կովկասը կողմնորոշուի դէպի համարկում, դէպի համագործակցութիւն՝ հիմնուած փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու վրայ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Հիքմէթ Հաճիեւ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան միջազգային իրաւունքի համապատասխան։ Այդ փաստաթուղթը հիմնուած պէտք է ըլլայ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու եւ չափանիշներու վրայ՝ մասնաւորապէս, երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան առումով։ Տարածաշրջանը նոր ռազմավարութեան մը կարիքն ունի եւ Ատրպէյճան պատրաստ է կատարելու իր դերը՝ Հարաւային Կովկասի համարկուած տարածաշրջանի մը կառուցման գործին մէջ։ Այս համատեսքին մէջ Ատրպէյճան կարեւոր գործընկեր մը կը համարէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։

Հաճիեւ անդրադարձաւ նաեւ նոր փոխադրութեան միջանցքներուն, որոնք պիտի բացուին տարածաշրջանէն ներս։ Այս ամբողջին մէջ ան մասնաւորապէս խօսեցաւ «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին։ «Զանգեզուրի միջանցքէն կրնան օգտուիլ նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ մեր գործընկերները։ Բայց Զանգեզուրի միջանցքը չի բացառեր այլ հաւանական երթուղիները, որոնք մենք ստեղծած ենք տարածաշրջանէ ներս հարեւան Վրաստանի հետ», եզրափակեց Ալիեւի օգնականը։

Միւս կողմէ, «Middle East Eye»ը գրեց, որ Իրան մտահոգութիւն կը յայտնէ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին շուրջ։ Այդ երկրի պաշտօնատարներն ու վերլուծաբանները ուշադրութեամբ կը հետեւին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ քաղաքական կապերու վերականգնման եւ սահմանի վերաբացման ուղղեալ քայլերուն։ Ըստ աղբիւրին, թէեւ Թեհրան պաշտօնապէս աջակցութիւն յայտնած է Անգարա-Երեւան բնականոնացման, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, ան դէմ կ՚ըլլայ որեւէ բանակցութեան, որ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»ը Ատրպէյճանի կամ Թուրքիոյ վերահսկողութեան յանձնելու։

Իրանի պաշտօնական լրատուութեան միջոցները վերջերս լայնօրէն մէջբերած էին Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի խօսքերը, ըստ որոնց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջանցք մը բանալու մասին խօսակցութիւնները Հայաստանի կարմիր գիծը եղած են՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 3, 2022